Աստրախանի կենդրոնին մէջ գտնուող պուրակը, ուր մինչեւ 1930-ականները կանգուն էր հայկական եկեղեցին, պաշտօնապէս պիտի կոչուի «Արմէնիա»: Համապատասխան որոշում առնուած է Աստրախանի քաղաքային իշխանութիւններու նիստի ընթացքին, կը յայտնէ «Փանրամինիըն»-ը՝ վկայակոչելով Rusarminfo-ն:
Պուրակին ետեւի մասը, Սովետսքայա եւ Քալինինի փողոցներու խաչմէրուկը բնակչիրները շատոնց Արմէնիա կ՛անուանէին, իսկ 2008-ին պուրակի տարածքին խաչքար զետեղուեցաւ:
2017-ի Մայիսին պուրակին մէջ 2 խաչքար տեղադրուեցաւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի հիմնադրման 300-ամեակին առիթով, ինչպէս նաեւ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութեան պատուին: