ամիսներուն կազմած է 1,922,183 մարդ, որ 24 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն ցուցանիշը:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը տեղեկացնեն Քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան մամուլի ծառայութենէն։
Սեպտեմբերին ՀՀ երկու օդակայաններուն մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 255,010 մարդ` 2016-ի նոյն ամսուան ցուցանիշը գերազանցելով 15.5 տոկոսով:
2017 Սեպտեմբերին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 245,364 մարդ` 11.2 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուան Սեպտեմբերի ցուցանիշը:
2017 Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն, 2016-ի նոյն ամիսներուն հետ համեմատած, «Զուարթնոց օդակայանին մէջ արձանագրուած է ուղեւորահոսքի 20.3 տոկոս աճ:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ 2017 Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն բեռնափոխադրումը կազմած է 17,183 թոն ապրանք, որ 49.7 տոկոսով կը գերազանցէ 2016-ի նոյն ժամանակահատուածին ցուցանիշը:
2017 Սեպտեմբերին Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ուղեւորահոսքը կազմած է 9646 մարդ:
«Շիրակ» օդակայանին մէջ 2017 Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն ուղեւորահոսքը կազմած է 65,889 մարդ` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին կազմելով 7065 մարդ:
«Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններուն մէջ 2017 Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ամիսներուն համեմատ, 21 տոկոսով աճ արձանագրած են նաեւ թռիչք վայրէջքները:






