Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

10 Տարուան Մէջ Արցախի ՀՆԱ-ն (GDP) Քառապատկուած է

Վերջին 10 տարիներուն, Արցախի, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս աշխարհի մէջ տեղի ունեցած են իրադարձութիւններ` համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամ, քաղաքական լուրջ ցնցումներ, պատերազմական գործողութիւններ, ինչպէս Արցախի, այնպէս ալ` տարածաշրջանին մէջ, որոնք լուրջ ազդեցութիւն ունեցած են տնտեսական աճին վրայ: Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան:

Ան նշած է, որ երէկ, Արցախի մէջ ամփոփուած է վերջին 10 տարիներու տնտեսական զարգացումներն ու արձանագրուած ցուցանիշները. ընդհանուր ցուցանիշները Արցախի մասով բաւական հետաքրքրական են:

«Եթէ 2007 թուականին Արցախի Համախառն ներքին արդիւնքը (ՀՆԱ) կը կազմէր 70,8 միլիառ դրամ, 2016-ին` 229,6 միլիառ, ապա 2017 թուականին խնդիր դրուած է զայն հասցնել շուրջ 270 միլիառի` տասը տարուան մէջ ապահովելով անուանական ՀՆԱ-ի գրեթէ 4 անգամ աճ:

«Աճի նշուած բոլոր ցուցանիշները արտայայտուած են պետական պիւտճէի եկամուտներու աւելացմամբ` 2007-ի 30 միլիառ դրամի փոխարէն 2017-ին անիկա պիտի հասնի 100 միլիառ դրամի»,-գրած է Տիգրան Աբրահամեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին