Երեքշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2017-ին Այն Էլ Թինիի իր նստավայրին մէջ Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ Նապիհ Պըրրի ընդունեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը: ՌԱԿի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու Լիբանանն ու տարածաշրջանը յուզող հարցեր: Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան դրուատիքով արտայատուեցաւ Նախագահ Պըրրիի արժանիքներուն մասին, յիշելով, որ ան ի պաշտօնէ դժուարին առաքելութիւն մը կը կատարէ նախագահելով համայնքային դրութեամբ խորհրդարան մը:
Խօսակցութեանց ընթացքին զուգահեռներ գծուեցան Հայ եւ Լիբանանեան սփիւռքներու, ինչպէս նաեւ Արժանթինի եւ Լիբանանի օրէնսգիտութեանց միչեւ:
Լիբանանի խորհրդարանի նախագահը մեծ գովեստով խօսեցաւ լիբանանահայութեան, Լիբանանի հանդէպ ունեցաղ հաւատարմութեան ու անոր հանդէպ ցուցաբերած մեծ նպաստին մասին: Ան շեշտեց լիբանանահայութեան մեծ աջակցութեան փաստին վրայ պատմութեան ընթացքին զարգացնելու լիբանանի մանր ու միջակ արհեստներու դաշտը:
Աւարտին Ընկ. Նահապետեան շնորհակալութին յայտնեց ազնիւ ու գրկբաց ընդունելութեան համար, որ յատուկ է Լիբանանի ժողովուրդին միայն: