ԵԱՀԿ (Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւն) Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Պոպովը (Ռուսիա), Ստեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրնը (ԱՄՆ) այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելեն տարածաշրջան: Ըստ ատրպէյճանական ԱՊԱ-ի, այս մասին, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի մը ժամանակ, յայտնած է Ատրպէյճանի ԱԳ նախարար Էլմար Մամետեարովը:
Համանախագահները, Հոկտեմբեր 6-ին, պիտի այցելեն Երեւան, իսկ Հոկտեմբեր 7-ին՝ Ատրպէյճան:
«Համանախագահները պիտի այցելեն տարածաշրջան՝ քննարկելու նախագահներուն հանդիպումը: Նիւ Եորքի մէջ անոնք առաջարկած էին առարկայական եւ խելամիտ բանակցութիւններ վարել նախագահներու հանդիպումէն ետք եւ խթան տալ այս հարցին»,- ըսած է Մամետեարովը:






