Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Հանդիպում Ընկերներու Հետ

Երեքշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2017-ին, ՌԱԿի Պէյրութի ընկերներ` փութացած էին Թէքէեան Կեդրոն, հանդիպելու ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի հետ:

Հանդիպման ներկայ էին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան եւ անդամներ, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան եւ մեծ թիւով երէց ու երիտասարդներ:

Ներկաներուն առջեւ ելոյթ ունենալով ընկ. Նահապետեան անդրադարձաւ Կուսակցութեանս ներկան յուզող հարցեր լաւատես մօտեցումով ներկայացնելով ապագան: Ան կոչ ուղղեց հոգ տանիլ երիտասարդութեան, որոնք ապագան են ինչպէս մեր Կուսակցութեան, նաեւ Հայ ժողովուրդին:

Ընկերներ իրենց հետաքրքրող հարցերով հանդէս եկան, որոնց բոլորին գոհացուց ընկ. Նահապետեան:

Աւարտին հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ շարունակուեցան զրոյցները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին