Դիլիջանի մէջ, Հոկտեմբեր 2-ին, սկսած է եռօրեայ դասընթաց` նուիրուած ռազմադաշտային վիրաբուժութեան, որ կազմակերպած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) պատուիրակութիւնը Հայաստանի մէջ` ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան եւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համատեղ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ԿԽՄԿ Երեւանի գրասենեակէն։
Դասընթացը կը վարեն ռազմադաշտային վիրաբուժութեան բազմամեայ փորձ ունեցող ԿԽՄԿ-ի վիրաբոյժներ պարոն Անտրէաս Վլատիսը եւ տիկին Օսա Մոլտին: Սեմինարին նպատակն է փոխանցել ԿԽՄԿ-ի փորձը տեղական մասնագէտներուն, որոնք, աշխատելով Ղարաբաղեան հակամարտութեան տարածքին վրայ, պէտք է տրամադրեն բուժօգնութիւն հրազէնային վէրքեր ստացած մարդոց` յաճախ ճարտարագիտական միջոցներու սղութեան պայմաններու մէջ: Դասընթացին կը մասնակցին քաղաքացիական եւ ռազմական ոլորտի 21 վիրաբոյժ Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն: Սեմինարի ընթացքին, անոնք ձեռք կը բերեն յաւելեալ գիտելիքներ բարդ վնասուածքներու եւ հրազէնային վէրքերու բուժման, վարակներու կառավարման եւ անզգայացման վերաբերեալ: Մասնակիցները նաեւ կը ներկայացնեն եւ կը քննարկեն դէպքեր սեփական փորձէն:
«Վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին, աշխատելով տարբեր հակամարտային իրավիճակներու մէջ, ԿԽՄԿ-ի խումբերը հաւաքագրած եւ վերլուծած են վիրաբուժական գործունէութեան վերաբերող համապարփակ տեղեկատուութիւն»,- ըսած է Հայաստանի մէջ ԿԽՄԿ պատուիրակութեան ղեկավարի տեղակալ պարոն Նիմա Տատպինը: «Նուազագոյն միջոցներով բուժօգնութիւն տրամադրելու մեր մեթոտաբանութիւնը հիմնուած է աւելի քան 100,000 դէպքերու ուսումնասիրութեան վրայ: Ուրախ ենք, որ այսօր կայ հնարաւորութիւն առաջարկելու այս գիտելիքը նաեւ հայ վիրաբոյժներուն, որոնք իրենց հերթին կը կիսեն սեփական փորձը մեր մասնագէտներուն հետ»:
Ռազմադաշտային վիրաբուժութեան դասընթացը Հայաստանի մէջ կ՝իրականացուի երկրորդ անգամ ըլլալով: Անցեալ տարի նմանատիպ եռօրեայ սեմինարին մասնակցեցաւ 80 հայ վիրաբոյժ։