Երեքշաբթի 3 Հոկտեմբեր 2017-ին Պէյրութի Հայյկազեան Համալսարանը ժամադրավայրն էր ընկ. Նահապետեանին, ուր զինք ընդունեց Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ընկ. Նահապետեանին ընկերակցող ՌԱԿի պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեան, Լիբանանեան Խորհրդարանի մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր՝ ընկ. Սեւակ Յակոբեան:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին Հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր ի մասնաւորի Սփիւռքահայ խնդիրներ:
Քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ համագումարին հետ առնչուող նիւթեր, որուն ներկայ էին թէ՛ Վերապատուելին եւ թէ՛ ՌԱԿի պատուիրակութեան անդամները:
Վերապատուելի Դոկտ. Հայտոսթեան ընկ. Նահապետեանին աւելի եւս ծանօթացուց Հայակազեանի առաքելութեան ինչպէս նաեւ անոր մշակութային ժառանգութիւններ հանդիսացող մասնաշէնքերը, որոնց մասին ընկ. Նահապետեան հիացմունքով արտայայտուեցաւ: