Հինգշաբթի, 26. 02. 2026

spot_img

ՀՀ եւ ՌԴ Խորհրդարաններու Յանձնաժողովները Համատեղ Յայտարարութիւն Ստորագրած են

ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը` յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեանի եւ ՌԴ ԴԺ Դաշնութեան խորհուրդի միջազգային գործերով կոմիտէն` կոմիտէի նախագահ Կոնստանթին Գոսաչեւի գլխաւորութեամբ, Սեպտեմբեր 29-ին, Ռուսիոյ Դաշնութեան մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ իրականացուցած են համատեղ նիստ: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

Նիստին իբրեւ արդիւնք՝ երկու խորհրդարաններու գործընկեր յանձնաժողովներու նախագահները ստորագրած են համատեղ յայտարարութիւն, որ բարձր կը գնահատէ ռուս-հայկական դիւանագիտական 25-ամեայ յարաբերութիւններու ընթացքին ձեւաւորուած միջխորհրդարանական փոխգործակցութեան մեքենականութիւնները` Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան ծիրէն ներս:

Ստորագրուած համատեղ յայտարարութեամբ կողմերը կը յայտնեն իրենց գոհունակութիւնը` երկու պետութիւններուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան շարունակական զարգացման եւ ամրապնդման հարցով:

Միջազգային քաղաքական օրակարգին վերաբերող հարցերուն հետ կապուած՝ կողմերը ընդգծած են մօտ կամ համընկնող դիրքորոշումներու առկայութիւնը մասնաւորապէս այն հարցերուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին աշխարհակարգի ձեւաւորման խնդիրներուն` հիմնուած բազմաբեւեռութեան եւ միջազգային հիմնարկներու ամրապնդման, միջազգային իրաւունքի համընդհանուր ճանաչում ունեցող սկզբունքներու եւ չափանիշներու վրայ:

Անդրադարձ եղած է նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հիմնախնդիրներուն: Այս ծիրէն ներս կողմերը յայտնած են իրենց աջակցութիւնը ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ համատեղ ջանքերուն` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ խաղաղ զարգացման ապահովման: Կողմերը նաեւ վերահաստատած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով խաղաղ եւ փոխադարձ ընդունելի լուծումներ փնտռելու իրենց յանձնառութիւնը` հիմնուած ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահող երկիրներու նախագահներու համատեղ յայտարարութիւններուն մէջ առկայ սկզբունքներուն վրայ:

Անդրադառնալով Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարներուն` կողմերը ընդգծած են առեւտրատնտեսական փոխգործակցութեան ոլորտին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները:

Կարեւոր համարուած է նաեւ փոխադարձ տնտեսական ընդելուզման խորացման եւ զարգացման անհրաժեշտութիւնը` Եւրասիական տնտեսական միութեան` իբրեւ արդիւնաւէտ եւ մրցակցային միաւորի նպատակներուն եւ խնդիրներուն հասնելու համար:

Իբրեւ պետութեան արտաքին քաղաքականութեան անքակտելի տարր` կողմերը մեծապէս կարեւոր համարած են նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերն ու նշանակութիւնը, ընդգծած համատեղ նիստերու իրականացման փորձը` դիտարկելով զանոնք իբրեւ հնարաւորութիւն` ազդակներ հաղորդելու ազգային օրէնսդրութիւններու զարգացման եւ ներդաշնակեցման գործընթացներուն, իրաւակիրառ փորձի կատարելագործման:

Կողմերը համաձայնած են յաջորդ համատեղ նիստը իրականացնել Երեւանի մէջ` 2018-ի առաջին կիսամեակին: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին