Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

ԼՂ Հիմնահարցը Պէտք է Դիտարկել Մարդու Իրաւունքներու Տեսանկիւնէն. ՀՀ ԱԺ Նախագահը Ընդունած է ՀԱՊԿ ԽՎ Պատուիրակութեան Անդամները

ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեան, Սեպտեմբեր 29-ին, ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութեան անդամները, որոնք Հայաստան ժամանած են` մասնակցելու ՀԱՊԿ ԽՎ քաղաքական հարցերու եւ միջազգային համագործակցութեան մշտական յանձնաժողովի արտագնայ նիստին:

ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը, ողջունելով հիւրերը խորհրդարանին մէջ, կարեւոր համարած է անվտանգութեան եւ խաղաղութեան դերը մեր տարածաշրջանին մէջ ապրող ժողովուրդներուն համար: Արա Բաբլոյեան ընդգծած է ՀԱՊԿ գործունէութեան արդիւնաւէտութեան եւ հեղինակութեան բարձրացման կարեւորութիւնը: ՀՀ ԱԺ նախագահին խօսքով` անվտանգութեան մասին խօսելու ընթացքին պէտք է հաշուի առնել թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին գործօնները եւ օժանդակել, որպէսզի մասնակից երկիրները գիտակցին կազմակերպութեան նշանակութիւնը անվտանգութեան պահպանման հարցին մէջ: Արա Բաբլոյեան նշած է. «Չկան հարցեր, որոնք հնարաւոր չէ լուծել խաղաղ ճանապարհով, պէտք է քաղաքական կամք ու երկխօսելու ցանկութիւն, եւ նոյնիսկ ամենաբարդ հարցերը կրնան լուծումներ ստանալ»:

ՀՀ ԱԺ նախագահը կարեւոր համարած է ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու համաձայնեցուած քայլերը, կառուցողական մօտեցումներն ու միջազգային հարթակներու վրայ համագործակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Անդրադառնալով ԼՂ հակամարտութեան` Արա Բաբլոյեան նշած է է. «ԼՂ հիմնահարցը պէտք է դիտարկել մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն. չէ՞ որ ամէն ինչի կեդրոնը մարդն է` անկախ ազգութենէ եւ կրօնէ»:

Հանդիպման աւարտին՝ ՀԱՊԿ ԽՎ պատուիրակութեան անդամները Արա Բաբլոյեանին ներկայացուցած են իրենց դիտարկումները` կազմակերպութեան գործունէութեան, մասնակից երկիրներու միջեւ համագործակցութեան եւ իրենց համար օրակարգային հարցերուն ընդհանուր մօտեցումներ ցուցաբերելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ:

Արա Բաբլոյեան պատուիրակութեան անդամներուն մաղթած է արգասաբեր աշխատանք եւ նոր ձեռքբերումներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին