Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Պատիւ Արժանաւորին

Ընկ. Կարապետ Պապահէքեան Կը Պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան Երախտագիտութեան Մետալով

Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ իմացանք, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հաւատաւոր ղեկավար ընկեր, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախկին ատենապետ եւ ազգային բարերար ընկ. Կարապետ Պապահէքեան Հայաստանի Հանրապետութաեն Նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է:

Նախագահական պարգեւատրումի հրամանագիրը կը նշէ. «Ղեկավարուելով 2005 թուականի փոփոխութիւններով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 16-րդ կէտով և հիմք ընդունելով «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու և պատուաւոր կոչումներու մասին է Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքը՝ կ՛որոշեմ.

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնի առթիւ Կարապետ Պապահէքեանին (ԼԻԲԱՆԱՆ) պարգեւատրել Երախտագիտութեան մետալով»:

Պատիւ արժանաւորին:

Ընկ. Կարապետ Պապհէքեանի ՀՀ Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրումին առիթով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ իր պատուոյ անդամը:

Նոյն առիթով ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ի սրտէ կը շնորհաւորէ ղեկավար ընկերը:

Շնորհաւորութիւններուն կը միանայ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմինը յաջողութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթելով իր նախկին ատենապետին:

«Զարթօնք» իր կարգին կը շնորհաւորէ Հայ մամուլի մշտական նեցուկ` ընկեր Կարապետ Պապհէքեանը, նորանոր պարգեւատրումներ մաղթելով արժանաւորին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին