Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի 2017-2018 Կրթական Տարեշրջանի Վերամուտ

Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբեր 2017-ին Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն համար սկիզբ առաւ 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանը:

Վարժարանիս շրջափակէն ներս հաւաքուած` ծնողներու ներկայութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեան խնդրեց վայրկեան մը լռութեամբ յարգել յիշատակը նորոգ հանգուցեալ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանին, որ տարիներ եղած է վարժարանիս հոգեւոր հայրը եւ հեղինակն է դպրոցին քայլերգի խօսքերուն: Ապա, գերյարգելի Եղիայեան իր խօսքին մէջ խնդրեց Աստուծոյ օրհնութիւնը՝ բոլորելու համար դպրոցական նոր տարեշրջան մը: Ան մղեց աշակերտները ըլլալու կատարեալ, ինչպէս մեր արարիչը կատարեալ է, ըսաւ ան:

Հաւաքական աղօթքէն ետք խօսք առաւ վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր աշակերտներուն, ի մասնաւորի նորեկ աշակերտներուն, որոնք շուտով իրենց տան մէջ պիտի զգան այս վարժարանէն ներս: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կը վստահին մեր վարժարանին, եւ առ այդ նշեց, թէ բոլորս՝ ծնողք, տնօրէնութիւն եւ ուսուցչական կազմ, կոչուած ենք յանձնառու մնալու մեր առաքելութեան, բարձր պահելով այս հայկական կրթօճախը: Տնօրէնուհին միեւնոյն ժամանակ գնահատեց դպրոցի մը յաջողութեան մէջ ուսուցիչներուն ունեցած դերակատարութիւնը:

Տիկ. Պոյաճեան մասնայատուկ կերպով շնորհաւորեց նախորդ տարեշրջանին պետական քննութեանց ներկայացած աշակերտներուն 100% յաջողութիւնը, ինչ որ արդար հպարտութեան առիթ կ’ընծայէ մեզի, ըսաւ ան, շեշտելով, որ մեր վարժարանը յաճախող աշակերտը կոչուած է յաջողելու ոչ միայն դպրոցական կեանքէն ներս, այլ նաեւ յետագային իր ասպարէզին մէջ:

Աւարտին, Ս. Խաչ-Հարպոյեանի տնօրէնուհին յաջողութիւն մաղթեց նաեւ այս տարուան 12-րդ կարգի աշակերտներուն՝ իրենց դպրոցական կեանքի աւարտական հանգրուանին մէջ: Վերջիններս, իրենց մաղթանքները միացնելով տնօրէնուհիին, եռագոյն փուչիկներ արձակեցին դէպի կապոյտ երկինքը:

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան

    Ս. ԽաչՀարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Լրատուական Մարմին     

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին