Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

Հայր Անդրանիկը ԿԱ՛Յ (Հեռակայ Դամբանական)

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Մօտաւորապէս տարի ու կէս առաջ՝ 4 Մայիս 2016ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ արժանաւորապէս մեծարուեցաւ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան:

Այս տողերս գրողը անարժանաբար պատիւը ունեցաւ այդ օր ըլլալու օրուայ բանախօսներէն մին՝ ներկայացնելու այն մեծ Մարդը, որ հասարակ մահկանացուի մը համար դժուար է լիակատար կերպով ներկայացնել…:    

Լուսաւորեալ մըն էր Հայր Անդրանիկ, որուն մահուան գոյժը նախորդող օրը ստացայ Երեւան գտնուած միջոցիս: Պահը աննկարագրելի էր: Հայր Անդրանիկը կը մահանա՞յ: Անկարելի է:

Սովորական մահկանացու մը չէր ան: Մենք  բախտաւոր եղած ենք զինք ճանչնալու այս արեւին տակ:  Մենք բախտաւոր ենք ժամանակակիցները ըլլալու այս մեծ Մարդուն:

Յեղափոխական մըն էր Հայր Անդրանիկը իր սիրեցեալ Յիսուս Քրիստոսի նման, որ վերջին երկու հազարամեակներու ամենամեծ յեղափոխականը կարելի է համարել՝ խաւարը լուսաւորելու իր յեղափոխութեամբ:

Քրիստոս՝ մարդկային պատմութեան խաղաղութեան իշխանը ըլլալով հանդերձ, նաեւ բնաւ երբեք չվարանեցաւ բազուկի ուժով Աստուծոյ տաճարը մաքրել ամբարիշտներէն: Հայր Անդրանիկ ինքն ալ բնաւ այս արեւուն տակ իր կեանքի ընթացքին, չվարանեցաւ նոյնպէս վարուելու՝ կեղծիքին ու կեղծաւորներուն հետ։

Վարդապետ մըն էր Հայր Կռանեան: Մնաց Վարդապետ ինչպէս իր սիրեցեալ Յիսուսը Վարդապետ էր: Քրիստոնէութեան Հայր՝ Յիսուս Պատրիարք չէր, ո՛չ ալ Եպիսկոպոս… Ան պարզ ու համեստ վարդապետ էր…: Պարզ ու համեստ սակայն մեծ ուսուցիչ էր ան, որ իր սերմերը ցանեց աշխարհով մէկ: Պարզ ու համեստ վարդապետ մըն էր Հայր Կռանեան: Սերմանող մը, որ անընդհատ ցանեց: Ցանեց լաւը, ցանեց բարին:

Չսերնդագործեց Հայր Անդրանիկ բառին կենսաբանական իմաստով, սակայն անոր հոգեկան զաւակներուն թիւը հսկայ բանակ մը կը կազմէ այսօր:

Յեղափոխական Հայր Անդրանիկը թերեւս զէնք չվերցուց, սակայն զէնքի մղեց իր զաւակները… երկաթէ շերեփի: 1970-ականներուն ան հրատարակեց «Երիտասարդ Հայ»ը, որ ես կը հաւատամ, թէ հոգեկան սնունդը հանդիսացաւ այդ օրերու այն Հայ ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքը վտանգեցին յանուն իրենց խոր հաւատքին, որ այդ օրերուն միակ ընտրանքն է Հայ Դատը հետապնդելու : Ինչպէս իրմէ դար մը առաջ իր «Արմէնիա» թերթով կատարեց Մկրտիչ Փորթուգալեանը՝ հոգեկան հիմը դնելով Հայ ազատագրական պայքարին: Իսկական Ուսուցիչը սիրելի ընթերցող շատ յաճախ ինքն ալ չի գիտեր՝ իր հոգեզաւակ աշակերտներուն վրայ իր ունեցած ազդեցութեան սահմանները՝ ինչպէս սերմացանը, որ ինքն ալ չի գիտեր, թէ իր նետած հունտը ո՞ւր կ՛իյնայ եւ ինչ տարողութեամբ կ՛աճի ու պտուղ կու տայ…: Հայր Անդրանիկը Ռաֆֆիի վէպերուն որսորդ Աւօն է, որ հայ պատանիներուն մէջ յեղափոխութեան սերմը ցանեց ու կայծը տուաւ անոր:

Հայր Անդրանիկը մերօրեայ Տէր Աւետիք քահանան էր: Եթէ Տէր Աւետիք  իր խաչին հետ մէկտեղ սուրը շալկեց Դաւիթ բէկի եւ Մխիթար սպարապետի հետ ծունկ ծունկի կռուելու թշնամիին դէմ, Հայր Անդրանիկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, իր ժողովուրդը ձգելով վանքի մը մէջ նստած միայն աղօթքով չանցուց իր ժամանակը: Ան օրն ի բուն իր ժողովուրդին հետն էր այդ «Անապահով Օրերուն»: Ան կողքին էր Պուրճ Համմուտի Հայ ընտանիքներուն, Հայկական թաղերը պաշտպանող զինեալ Հայ տղոց…:

Ինչպէս ամէն բան այս արեւուն տակ, սիրելի ընթերցող,  վերջ մը ունի: Քանի մը օր առաջ շիչեցաւ Հայր Անդրանիկ: Մամուլն ու ընկերային համացանցը յայտարարեցին՝ Ո՛չ եւս է Հայր Անդրանիկ Կռանեան: Այսինք ան այլեւս չկայ: Բայց ո՞վ կը հաւատայ, որ Հայր Անդրանիկ չկայ այլեւս: Ան ԿԱ՛Յ ու պիտի մնայ բոլոր զինք ճանչցողներուն ու իր կուռ գրութիւնները կարդացողներուն մէջ…:

Վերջաբանս այսօր, սիրելի ընթերցող, փոխ պիտի առնեմ վերոյիշեալ ձեռնարկին բանախօսութեանս բովանդակութենէն. Մէկ ու կէս տարի առաջ էր Հայր Անդրանիկի ներկայութեամբ, բեմէն հետեւեալ անսովոր ու խենթ արտայայտութիւնը ունեցած էի, զոր այսօր պիտի ուզեմ  կրկնել.

«Աւետարանին մէջ Սողոմոն իմաստունին վերագրուած է ժամանակի մասին խօսք մը, թէ այս արեւուն տակ ամէն բան իր ժամանակը ունի… կայ ժամանակ ուրախանալու եւ կայ ժամանակ տխրելու… ապրելու ժամանակը կայ եւ կայ մեռնելու ժամանակը: Ես քաջ գիտեմ, որ Հայր Անդրանիկ սնապաշտ մը չէ, որ հաւատայ թէ մահուան մասին խօսիլը կամ չխօսիլը անոր ժամանակը կը մօտեցնէ կամ կը հեռացնէ: Ամէն պարագայի մեզմէ ոչ մէկը գիտէ թէ ո՞վ առաջ պիտի կանչուի, սակայն մինչ այդ օգտուելով Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք դեսպանին այստեղ ներկայութենէն, որուն միջամտութիւնը օրին ուր որ ալ ըլլայ ան հաւանաբար պէտք ունենանք, ես կ’ուզեմ այսօր այստեղ յիշել Հայրենիքի մէջ գտնուող Եռաբլուրը, ուր յաւերժ կը հանգչին մեր ազատամարտիկներն ու Հայոց բանակի քաջարի զինուորները: Եթէ ժամանակը գայ ուր  Հայր Անդրանիկի արարիչը յարմար տեսնէ իր մօտ կանչել իր սիրեցեալը եւ եթէ անշուշտ Հայր Անդրանիկը այդպէս ալ կտակէ, իմ փափաքս է, որ այնտեղ՝ Հայոց Սպարապետին ու Հայոց Զօրավարին մօտիկ յաւերժ հանգչի նաեւ Հայոց Վարդապետը: Սփիւռքահայոց Յեղափոխական Վարդապետը: Ու տարիները անցնին… սերունդներ երթան… գան նոր սերունդներ եւ այցելեն Եռաբլուր ու միշտ յիշեն Հայր Անդրանիկը»:

Ժամանակը եկած է այսօր, դժբախտաբար: Հայրենի իշխանութիւններ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն. Հայր Անդրանիկ Կռանեանի աճիւններէն գոնէ մաս մը եկէք տեղաւորենք Եռաբլուր. հոն ուր իր յեղափոխական ընկերները ԿԱ՛Ն: Հոն՝ ուր ինքը կը պատկանի…:

 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին