Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Նախկին Նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ Բացումը Կատարեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Համակարգիչի Սրահին, Ե-Գրադարանին Եւ Արդիական Սարքերուն

Երէկ` հինգշաբթի 28 Սեպտեմբեր 2017-ին կէսօրուան ժամը 12։00-ին Ազգային Միացեալ վարժարան այցելեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան փոխնախագահ նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ, որպէսզի բացումը կատարէ հաստատութեան կողմէ վարժարանին տրամադրուած «Ինթըրէքթիւ պօրտ»-երու, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին։ Լէյլա Սոլհ Համատէի դիմաւորեցին Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Եպս. Փանոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, Պուրճ Համմուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններ, ազգային երեսփոխաններ, Ազգային վարչութեան եւ ուսումնական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի անձնակազմը եւ երկրորդական բաժինի աշակերտները։ Վարժարանի մուտքին Սոլհ-Համատէ դիմաւորուեցաւ աւանդական աղ ու հացով։ Այնուհետեւ կատարեց ցուցատախտակի քօղազերծումը, որմէ ետք շրջեցաւ դպրոցին մէջ՝ ականատես դառնալով հաստատութեան տրամադրած «Ինթըրէքթիւ պօրտ»-երուն, ե-գրադարանին եւ համակարգիչի սրահին։

            Ապա ներկաները ուղղուեցան վարժարանի սրահը, ուր Լիբանանի եւ Ազգային Միացեալ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի կրթական պատասխանատու Գրիգոր Էքմէքճեան։ «Կը բանանք Ազգային Միացեալ վարժարանի դռները դիմաւորելու համար նոր տարեշրջան մը՝ լեցուն մարտահրաւէրներով եւ բեղուն գործունէութիւններով» ըսաւ Էքմէքճեան, աւելցնելով, որ Ազգային Միացեալ վարժարանը միայն դպրոց չէ, այլ՝ կրթական արդիական հաստատութիւն մըն է, որ կարող է ընկերակցիլ մեր յառաջիկայ սերունդներուն իրենց կեանքի զանազան մարզերուն մէջ, ինչպէս կրօնական, կրթական, արհեստագիտական զինուած հաւատքի ոգիով, ընկալած բոլոր նորութիւնները, որոնք կը նպաստեն լաւ սերունդի մը կազմաւորման։ Էքմէքճեան կարեւորեց Լիբանանի վարժարաններէն ներս տարիներու ընթացքին «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը սերունդներու կրթութեան եւ զարգացման գործընթացին մէջ, աւելցնելով որ հաստատութեան ունեցած ներդրումին ի պատիւ Ազգային Միացեալ վարժարանը եւս օժտուեցաւ արդիական սարքերով։

            Եզրափակելով իր խօսքը, Էքմէքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութեան Ազգային Միացեալ Վարժարանին նկատմամբ իր ունեցած օգտաշատ ներդրումին համար։ Իր խօսքի աւարտին Էքմէքճեան հրաւիրեց առաջնորդ սրբազան հայրը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեանը, որոնք յիշատակի նուէր մը յանձնեցին Լէյլա Սոլհ-Համատէի։

 

            Սոլհ-Համատէ խօսք առնելով առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հանդիպումին համար եւ շնորհաւորեց ներկաները նման կառոյց մը ունենալու իրենց երազին իրականացման համար։ Ան նկատել տուաւ, որ նոր սերունդը հրաւիրուած է ստանձնելու հայրենիքի ճակատագիրը՝ փայլուն ապագայի հեռանկարով։ Անդրադառնալով լիբանանահայութեան, որ Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած է Լիբանանի մէջ, Սոլհ-Համատէ հաստատեց, որ հայերը միացան լիբանանցիներուն եւ իրենց հաւատարմութեամբ դրական դերակատարութիւն ունեցան երկրի քաղաքական, մշակութային եւ կրթական կեանքէն ներս։ «Առարկելի չէ, որ հայութիւնը հիմնական ուժը կը ներկայացնէ Լիբանանի ճարտարարուեստի զարգացման գործընթացին մէջ» շեշտեց Լէյլա Սոլհ Համատէ, աւելցնելով որ հայութիւնը յատկանշուած է յարատեւելու եւ գոյատեւելու  իր աշխատանքին ու կամքին մէջ։ «Մենք ձեզմէ սորվեցանք միասնակամութիւն՝ գոյատեւելու եւ յաղթահարելու համար բոլոր տեսակի դժուարութիւնները» ըսաւ Համատէ եւ եզրափակելով իր խօսքը յայտնեց, որ «Ուալիտ Պըն Թալալ» բարեսիրական հաստատութիւնը պատիւը ունեցած է տարիներու ընթացքին գործակցելու ազգային վարժարաններուն հետ։ Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին