Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Լիբանանահայ 25 Ուսանողներ Հայաստանի Համալսարաններու Մէջ

Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Հայաստանի  ուսման կրթական ֆոնտի վարչութիւնը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին, լիբանանահայ երկրորդական վարժարաններէ 13 շրջանաւարտներ, ֆոնտին աջակցութեամբ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը պիտի շարունակեն հայաստանեան համալսարաններու մէջ։ Անոնք կը միանան անցեալ տարեշրջանին ֆոնտին շնորհիւ Հայաստան մեկնած 12 այլ շրջանաւարտներու՝ Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութիւն ստացող լիբանանահայ ուսանողներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 25-ի։

            Հայաստանի համալսարանական ուսման կրթական ֆոնտը այս առթիւ սրտագինս շնորհակալութիւն կը յայտնէ «Ծառուկեան» հիմնադրամին եւ Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, որոնք կարելի բոլոր միջոցներով կ’օժանդակեն Հայաստանի մէջ համալսարանական ուսման հետեւող մեր աշակերտներուն։

            Ընթացիկ 2017-2018 կրթական տարեշրջանին իրենց համալսարանական ուսումը Հայաստանի մէջ ստացող մեր 13 ուսանողները, որոնք կու գան լիբանանահայ երկրորդական հինգ վարժարաններէ (Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան Վարժարան, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճ, Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց Վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան եւ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)  կը հետեւին տարբեր մասնագիտական ճիւղերու, յաճախելով Երեւանի Պետական Համալսարան, Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարան, Հայաստանի Եւրոպական համալսարան, Բժշկական համալսարան, Երկրագործական համալսարան, Բազմարուեստից համալսարան, Ճարտարապետական համալսարան եւ Մարմնակրթութեան համալսարան:

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՍՄԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՖՈՆՏԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին