Շաբաթ, 20. 09. 2025

spot_img

«Միրաք»ը Արդէն Մէկ Տարեկան Է

17 Սեպտեմբեր  2017-ին, «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումը նշեց իր առաջին ամեակը:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան սփիւռքի տարբեր շրջաններէն՝ Արժանթինէն, Լոնտոնէն, Նիւ Եորքէն, Լոս Անճելոսէն, Յունաստանէն, Լիբանանէն, Երուսաղէմէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Դամասկոսէն, ինչպէս նաեւ Արցախէն Երեւան ժամանած մեծ թիւով ընկերներ եւ բարեկամներ:

«Միրաք»ի պատանի-ուսանողները հիւրերուն ներկայացուցին իրենց պատրաստած գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիրը, որ կը բաղկանար երգի, պարի, ասմունքի եւ նուագի համարներէ, եւ որոնց մէջ շեշտը դրուած էր ազգային-ազգագրականին վրայ:

Երեկոյի ընթացքին փոքրիկ «Միրաք»ականներու ձեռամբ յուշանուէրներ յանձնուեցան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ, «Թէքէեան Կեդրոն» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի նախագահ Ընկ. Վարդան Ուզունեանին, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեանին՝ «Միրաք» Շարժումին ցուցաբերած իրենց հետեւողական սատարման եւ օժանդակութեան համար:

Հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ եւ քաջալերական ծափողջոյններով քաջալերեցին «Միրաք»ականները: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

 

Միրաքի Ուսանողական Յանձնախումբի Անդրանիկ Ձեռնարկը. «Համահայկական Գաղափարախօսութիւն» Գիրքի Քննարկում

 

Հայրենիքի մէջ հիմնադրուած, օր ըստ օրէ աճող եւ զարգացող «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժումը, մէկ տարի շարունակ անխախտ եւ հաստատուն քայլերով յաջող առաջընթաց արձանագրելով, իր առաջին տարեդարձի օրը, համալրուեցաւ նոր Ուսանողական Յանձնախումբով մը:

«Միրաք»ի պատասխանատու, Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի ջանքերով ստեղծուած նորակազմ յանձնախումբը ինքզինք ծանօթացնելու եկաւ անդրանիկ ձեռնարկով մը՝  «Համա-հայկական  գաղափարախօսութիւն»  գրքոյկի ներկայացումով, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Սեպտեմբեր 2017-ին, ժամը 11:00-ին, «Թէքէեան կեդրոն»էն ներս:

Երեկոյին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկհ. Գոհար Խաչատուրեանը, որ ներկաներուն ամփոփ կերպով նախ ծանօթացուց նորակազմ յանձնախումբի առաջացման նպատակներն ու ծաւալելիք գործունէութեան ոլորտը, եւ ետքը ամպիոն հրաւիրեց  «Համա-հայկական  գաղափարախօսութիւն»  գրքոյկի խմբագիր՝ դոկտ. Մինաս Գոճայեանը: Ընկ. Գոճայեան կատարեց ներածական խօսք եւ ներկայացուց հեղինակն ու գրքոյկի բովանդակութեան կարեւոր կէտերը։ Այնուհետեւ ամպիոն հրաւիրեց գլխաւոր հեղինակ՝ ճարտարագէտ, նուիրեալ հայրենասէր ու կուսակցական Ընկ. Յակոբ Նազարեանը, որ իր խօսքը ներկայացուց power point-ի միջոցաւ։

Աւարտին խօսք առաւ նաեւ ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, որ միաժամանակ գաղափարախօսական գրքոյկի պատրաստութեան գործը ստանձնած՝ ՌԱԿ Հայ Իրաւանց Յանձնախումբի ատենապետն է:

Ըստ հանդէս եկող հիւրերու,  գրքոյկը իրականութեան մէջ ուղեցոյց մըն է, որ տարբեր, սակայն զիրար ամբողջացնող  մարտավարութիւններ կ’առաջարկէ՝ ուղղուած հայրենիքի պաշտպանութեան եւ կայուն պետականութեան ապահովման, հայրենադարձութեան եւ ազգային արժէքներու խթանմանն ու պահպանման, ազգային ինքնութեան սահմանման, ինչպէս նաեւ դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւայլն: Ինչպէս նշուեցաւ, այս ուղեցոյցի գաղափարներուն հիման վրայ յետագային գրքոյկներ եւ ուսումնասիրութիւններ պիտի յաջորդեն։ Ուղեցոյցի հիմնական կէտերու քննարկումին նուիրուած էր յատուկ աշխատանիստ մը, որուն մասնակցած են հասարակութեան տարբեր խաւերէ եւ մասնագիտութիւններէ մարդիկ։ Աշխատանիստի արդիւնքները նոյնպէս տպուած  էին եւ բաժնուեցան ներկաներուն։

Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՌԱԿ-ի աշխարհասփիւռ ընկերներ եւ բարեկամներ:

Նման կարեւոր թեմա մը, ներկայացման սահմաններու մէջ սահմանափակած չըլլալու մտադրութեամբ, եւ գիրքի էութեան լաւապէս ծանօթանալու նպատակով, «Միրաք» Ուսանողական Յանձնախումը առիթը բաց չթողեց երիտասարդական հանդիպում մը կազմակերպելու՝ գիրքի հեղինակին հետ:

24 Սեպտեմբեր 2017-ին, Երեւանի THE LOFT ինքնազարգացման ու ժամանցի կեդրոնէն ներս, «Միրաք»ի Ուսանողական Յանձնախումը այս անգամ կազմակերպեց «Համա-հայկական  գաղափարախօսութիւն» գիրքի քննարկում:

Հնադիպման ներկայ գտնուեցան ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, Փոխ-ատենապետ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, գիրքի հեղինակ Ընկ. Յակոբ Նազարեանը, ՌԱԿ Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Ընկհ. Ժենի Գրիգորեանն ու Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը, Յունաստանէն Ընկ. Տիգրան Ապպասեանը, ինչպէս նաեւ Երեւանաբնակ ընկերներ:

Հանդիպման սկիզբը ազդարարեց «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հիմնադիր, Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանը, որ վստահեցուց որ համալսարանականներէ բաղկացած Ուսանողական Յանձնախումբը դեռ երկար ճանապարհ պիտի ունենայ եւ պիտի  հանդիսանայ «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման հիմնասիւներէն մէկը: Ընկ. Ալեքսան հիւրերուն ծանօթացուց Ընկհ. Գոհար Խաչատրեանին, որուն վստահուած էր  ուսանողական խումբի կազմումը եւ գիրքի քննարկամ երեկոյի կազմակերպումը:

Այնուհետեւ, Ընկհ. Գոհար Խաչատրեան հիմնուելով առողջ բանավէճի սկզբունքներուն վրայ,  վարեց «Համահայկական Գաղափարախօսութիւն» գիրքի քննարկումը: Քննարկման ընթացքին համալսարանականները մեծ ոգեւորուածութեամբ հարցեր հնչեցուցին եւ հիմնաւորուած տեսակէտներ արտայայտեցին՝ գիրքի տարբեր ուղղութիւններուն վերաբերեալ:

Հանդիպման ընթացքին գիրքի հեղինակ Ընկ. Յակոբ Նազարեան հանգամանալից ներկայացուց գաղափարախօսութեան էութիւնը, արդիականութիւնը եւ կարեւորութիւնը։ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղիները, հայրենիքի հզօրացման նպատակով ստեղծուած մարտավարութեան ձեւը թէժ քննարկման առիթ հանդիսացաւ, համալսարանականներու կողմէ հնչեցուած հարցերը եկան համապատասխանեցման եզրեր գտնելու՝ մշակուած գաղափարախօսութեան եւ  Հայաստանի իրականութեան միջեւ։ Համալսարանականները նաեւ ներկայացուցին իրենց առաջարկութիւնները` հայրենիքի մէջ ծառացած հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ։

Ընկ. Ռաֆֆի Պալեան, որ կարեւորագոյն մասնակցութիւն ունի գիրքի ստեղծման գործին, իր խօսքին մէջ կարեւորելով երիտասարդներու դերը պետութեան զարգացման եւ առաջընթացի գործին, քաջալերեց մասնակիցները` ինքնազարգանալ, չերկնչիլ եւ ստեղծել հզօր հայրենիք։ Համալսարանականներու բազմակողմանի հարցերուն ուրոյն պատասխաններ տուաւ նաեւ Ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը, իսկ հանդիպման աւարտին համալսարանակններուն ոգեշնչող եւ քաջալերող խօսքեր յղեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը։ 
Ընդ որում, հիւրերուն համար յատկանշական էր բազմակողմանի զարգացած, հզօր ներուժ ունեցող համալսարանականներու հետ հանդիպումը, որոնք պիտի դառնան հայրենիքի ապագան կերտողները։

Այս հանդիպումով մեկնարկեց «Միրաք» Պատանեկան-Ուսանողական շարժման Ուսանողական Յանձնախումբի գործունէութիւնը։

«Միրաք»Ի Պասքէթպոլային Ակումբի Պաշտօնական Բացում

 

Կարեւորելով մարզանքի դերը երիտասարդ սերունդի դաստիարակման ասպարէզին մէջ, եւ լսելով իր անդամութեան պահանջը, «Միրաք» շարժումի պատասխանատու կազմը նախաձեռնեց պասքէթպոլային (կողովագնդակ) ակումբի բացում:

Շաբաթ 16 Սեպտեմբեր 2017-ին, տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած ընկերներու, ծնողներու եւ հիւրերու ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ «Միրաք» պասքեթպոլային ակումբի բացումը:

Բացման գլխաւոր հիւրն էր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-էն ժամանած Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Նորայր Մկրտիչեանը, եւ Լոնտոնէն՝ Ընկ. Վարդան Ուզունեանը:

Խումբի մարզիչ Պրն. Հայկ Առաքելեան բարի գալուստի խօսքին մէջ մասնաւոր շնորհակալութիւն յայտնեց «Միրաք»ի պատասխանատու Ընկ. Ալեքսանին եւ աջակից ընկերներուն, իրենց ցուցաբերած կարեւոր աշխատանքին համար: Պասքէթի խումբի մաս կազմող պատանիները, այնուհետեւ իրենց միագոյն «Միրաք»ի տարազներով մտան դաշտ եւ խումբին դրօշը ստանձնեցին Ընկ. Սերխիօ Նահապետեանէն:

Ընկ. Նահապետեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց այս նախաձեռնութիւնը, ընդգծելով որ մարզանքը եւ սփորթային խաղերը ամենաօգտակար եւ լաւագոյն միջոցն են առողջ սերունդ պատրաստելուն, բացի անկէ մարզանքի հետեւելով երիտասարդները կը կտրուին փողոցէն, կու գան մարզասրահ, կը կոփուին եւ սփորթի ասպարէզին մէջ եւ հասարակութեան համար պիտանի ահատներ կը դառնան, նաեւ կրնան ունենալ յաջողութիւններ եւ ձեռքբերումներ:

 

Խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ ակումբի ծննդեան կարկանդակի հատումը, որմէ ետք գնդակ նետումի մրցում սկսաւ պատանիներուն եւ երեց ընկերներուն միջեւ:

Ծնողները նոյնպէս իրենց երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեցին կազմակերպութեան, այս կարեւոր եւ օգտակար նախաձեռնութեան համար, որ իրենց զաւակներուն նախասիրութեամբ զբաղելու լաւագոյն առիթ պիտի ըլլայ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին