ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի խօսնակ Սթեֆան Տիւժարիքը յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես կ՝ողջունէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարներու Նիւ Եորքի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը եւ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու` ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած ջանքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Artsakhpress.am»-ը։
«ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը կ’ողջունէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու վերջերս ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ասամպլէայի գագաթաժողովին ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը: Ան աջակցութիւն կը ցուցաբերէ համանախագահներուն` լարուածութեան սանդղայարձակման կասեցման եւ բանակցային գործընթացի վերսկսման ուղղուած աշխատանքներուն: Գլխաւոր քարտուղարը յոյս ունի, որ նախագահներու մակարդակով նախատեսուած հանդիպումը պիտի նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման ու անհրաժեշտ քաղաքական կամքի խթանման` առանցքային հարցերու շուրջ փոխզիջումնային լուծումներ գտնելու հարցին»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:






