Շաբաթ, 28. 02. 2026

spot_img

Արցախի ԱԳՆ-ն Կ’ողջունէ Իրաքեան Քիւրտիստանի Անկախութեան Հանրաքուէի Իրականացումը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը յայտարարութիւն տարածած է Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ Սեպտեմբեր 25-ին տեղի ունեցած անկախութեան հանրաքուէի վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի.

«Կ’ողջունենք Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէի իրականացումը` իբրեւ ՄԱԿ Կանոնադրութեամբ եւ շարք մը միջազգային հիմնարար փաստաթուղթերով ամրագրուած ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ իրենց զարգացման ուղին ինքնուրոյն ընտրելու իրաւունքի իրացման արարք:

«Յուսով ենք, որ հանրաքուէի արդիւնքով ստեղծուած իրավիճակը կը կարգաւորուի խաղաղ միջոցներով` հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին