Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէյի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ Սեպտեմբեր 24-ին տեղի ունեցաւ «Միսս Արմէնիա 2017» գեղեցկութեան մրցոյթը: 24 մասնակից գեղեցկուհիները եկած էին տարբեր երկիրներէ՝ ԱՄՆ-էն, Լիբանանէն, Ռուսիայէն, Ուկրանիայէն եւ Հայաստանի տարբեր քաղաքներէ՝ Երեւանէն, Գիւմրիէն, Աբովեանէն եւ այլն:
Մրցոյթին յաղթեց 17-ամեայ Լիլի Սարգսեանը՝ Երեւանէն։
«Վիցէ Միսս Արմէնիա 2017» տիտղոսին արժանացաւ Անահիտ Իսահանովան:
«Միսս Սփիւռք» տիտղոսը ստացաւ Լիբանանէն Սինթիա Եափուճեանը, իսկ հանդիսատեսի համակրանքին արժանացաւ Էտուարտա Պաղտասարեանը` Գիւմրիէն:






