Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր շնորհաւորական ուղերձ մը յղած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին` խորհրդարանական ընտրութիւններու Քրիտոնէա-ժողովրդավարական միութիւն» կուսակցութեան յաղթանակին առիթով:
«Գերմանիոյ քաղաքացիներուն կողմէ ՔԺՄ կուսակցութեան վստահուած քուէները լաւագոյնս կը վկայեն կուսակցութեան նկատմամբ ունեցած բարձր վստահութեան եւ տարիներ շարունակ կուսակցութեան կողմէ իրականացուող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան արդիւնաւէտութեան մասին:
«Ձեր կառավարման տարիներուն հայ-գերմանական փոխգործակցութեան օրակարգը ուժգնօրէն զարգացում ապրած է, նոր որակ ստացած է քաղաքական երկխօսութիւնը, աշխոյժացած են բարձրաստիճան փոխայցերը, ընդլայնուած ու խորացած են տնտեսական, մարդասիրական , միջխորհրդարանական եւ ապակեդրոնացուած կապերը:
«Մեզի համար կարեւորագոյն ձեռքբերում է, որ Գերմանիան այսօր Հայաստանի վստահելի ու կայուն գործընկերներէն է, մեր երկրին մէջ ընթացող ժողովրդավարական գործընթացներու, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան խորացման հաստատուն աջակիցը»,- ըսուած է ուղերձին մէջ:
Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ Պունտեսթակի նոր գումարման նստաշրջանին հայ-գերմանական համագործակցութիւնը աւելի պիտի ընդլայնուի ու պիտի համալրուի նոր փոխշահաւէտ ծրագիրներով:






