ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ, ՀՀ ԱԺ Հայաստան-Չեխիա բարեկամական խումբի ղեկավար Էտուարտ Շարմազանովը Սեպտեմբեր 22-ին հանդիպեր է Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի Չեխիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Ռոբին Պյոհնիշի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ ԱԺ հասարակայնութեան և տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:
Հանդիպմանը ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ Մարգարիտ Եսայեանը, Գագիկ Մելիքեանն ու Վարդան Բոստանջեանը եւ Չեխիոյ Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պետր Միկիսկան:
Էտուարտ Շարմազանովը, ողջունելով հիւրին, շնորհաւորած է նրան ՀՀ Նախագահի կողմէ բարձր պարգեւի` Մխիթար Գօշի մետալի արժանանալու համար եւ՝ ընդգծել, որ մեծ է պարոն Պյոհնիշի անձնական ներդրումը հայ-չեխական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու զարգացման գործի մէջ եւ յատկապէս 2017թ. ապրիլի 25-ին Չեխիոյ խորհրդարանի Պատգամաւորներու պալատի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ ընդունելու հարցին:
«Ձեր նախաձեռնութիւնը խիզախ, գաղափարական եւ ժողովրդավարական արժէքներուն հաւատարիմ մարդու նախաձեռնութիւն էր, ինչը ըստ արժանիի գնահատուեցաւ մեր երկրի, իշխանութիւններու եւ ժողովուրդի կողմէ»,-ըսած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը:
Անդրադառնալով երկու երկիրներու յարաբերութիւններու մշտական զարգացման՝ պարոն Շարմազանովը նշած է, որ ան լաւագոյն օրինակն է այն փաստի, որ մաս կազմելով ԵԱՏՄ կազմի մէջ՝ Հայաստանը իրաւասու է զարգացող յարաբերութիւններ ունենալ ԵՄ անդամ երկրի հետ: Այս ընդհանուր բնագրին ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է եւս նպաստելու հայ-չեխական միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ խորացման:
Էտուարտ Շարմազանովը անդրադարձեր է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման:
«Մեր ուղերձը քաղաքակիրթ աշխարհին յստակ է՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններու մէջ Թուրքիոյ նախապայմանները, ֆուտպոլային դիւանագիտութեան մէջ անոր քմահաճոյքները մեզի համար անընդունելի են: Ի դէմս Էրտողանի՝ մենք կը տեսնենք անհասկանալի եւ ժողովրդավառութեննէն նահանջող վարչակազմ»,- նշած է պարոն Շարմազանովը եւ լրացուցած է, որ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ գաղափարական գիծի շարունակողն է:
Ըստ ՀՀ ԱԺ փոխնախագահի՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամբլեայի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի ելոյթը ցոյց տուած է, որ Ատրպէյճանը բացայայտ հայատեացութիւն քարոզող երկիր է, որու ողջ գաղափարախօսութիւնը հիմնուած է ռասիզմի եւ հակահայկականութեան վրայ:
Պարոն Շարմազանովը վերահաստատած է, որ մեր երկիրը հաւատարիմ է ժողովրդավարական արժէքներուն եւ անշեղօրէն կը քայլէ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղիով:
Ռոբին Պյոհնիշը շնորհաւորած է հայ ժողովուրդին ՀՀ անկախութեան 26-րդ տարեդարձի առթիւ:
«Արդէն 10 տարի է՝ ես կ՛այցելեմ Հայաստան եւ շատ սիրեցի ձեր երկիրը: Երէկ ես նկատեցի, թէ վերջին մէկ տարուայ ընթացքին ինչպիսի փոփոխութիւններ կատարուած են, որքան զարգացեր է ձեր երկիրը»,-նշած է Չեխիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավարը:
Խօսելով ԼՂ հիմնախնդրի կարգաւորումէն՝ ան նշած է. «Վերջին տարիներու ընթացքին Չեխիոյ մէջ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին Հայաստանի դիրքորոշումը աւելի հասկանալի դարձած է»:






