Անաչառութեան եւ առարկայնականութեան, տասնամեակներ շարունակ հաւատարիմ՝ ի սկզբանէ որդեգրած սկզբունքներուն: Այսպէս բնորոշեցին Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի անցած ուղիին մասին մտաւորականները, գիտնականներն ու հասարակական գործիչները: Հայաստանի ազգային գրադարանի մէջ հանդիսաւորութեամբ նշեցին «Զարթօնք» օրաթերթի հիմնադրման 80-ամեակը: Օրաթերթի աշխատակիցները, գործընկերները իրենց շնորհաւորական խօսքը կ’ուղղէին՝ անդրադառնալով օրաթերթի ձեռքբերումներուն:
ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեանի խօսքով, այս թերթը, գործունէութեան 80 տարիներու ընթացքին, տքնաջան ծառայեր է իր երկրին ու ժողովուրդին:
«Անկախ այն բանէն, թէ ինչ ժամանակաշրջան է, այս թերթը կանգնած է Հայաստանի, հայ ժողովուրդի կողքին: Կապ չէ ունեցած, թէ ովքեր եղեր են խմբագիրները, թղթակիցները, ինչ համաշխարհային տեղաշարժեր արձանագրուեր են, «Զարթօնք»-ը հաւատարիմ մնացած է իր սկզբունքներուն», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեանը: Փոխնախարարը ընդգծեց, որ ան կրնայ լաւ օրինակ դառնալ ուրիշ լրատուամիջոցներու համար:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին ներկայացուցիչ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց, որ «Զարթօնք» օրաթերթի գոյութիւնը պարզապէս տեղեկատուութիւն հաղորդել չէ, ան շատ աւելի լուրջ գործ կատարած է հայ համայնքին մէջ:
«Նշեմ, հիմանական երկու ուղղութեամբ կատարած աշխատանքը՝ ազգային գիտակցութեան բարձրացում, ազգային արժէքներու դաստիարակութիւն: Այդ ամէնը կ՛ենթադրէ հայեցի կրթութիւն, հայոց լեզուի պահպանում եւ զարգացում: Այս տարիներու ընթացքին թերթը առանձնացեր է նաեւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւն դրսեւորելու տեսանկիւնէն»,-ըսաւ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը:
Թերթը այս մակարդակին հասեր է բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջէն անցնելով: Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը նկատեց, որ Սփիւռքի մէջ ընթերցողին հայալեզու մամուլի մօտիկ պահելը արդէն դժուար է: Կան նաեւ նիւթական դժուարութիւններ մամուլը պահելու տեսանկիւնէն: Անոնցմէ բացի, համացանցային մամուլի զարգացմանը զուգահեռ տպագիր մամուլը որոշակի յետքայլ կ’ապրի:
«Դժուարութիւններ ժամանակին եղեր են, ներկայիս ալ կան: Արդեօ՞ք պէտք է գոցել զայն: Անշուշտ որ, ոչ: Ամէն գնով պէտք է պահել մամուլը, որովհետեւ ան հայ խօսքը փոխանցողն է»,- ըսաւ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը:
Տարբեր երկրի մէջ 80 տարի օրաթերթը հրատարակելը արդէն հերոսութիւն է: Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի հայեացքն է:
«Թերթ հրատարակելը դժուար աշխատանք է՝ նիւթեր հաւաքել, խմբագրել, սրբագրել, գրաշարել, թղթակիցներու, ընթերցողներու հետ աշխատաիլ եւ այն՝ ամէն օր: Այս մէկը կը կատարուի այլ երկրի մէջ յանուն հայ մարդկանց հայեցի դաստիարակութեան: Փորձը ցոյց կու տայ՝ այն համայնքներու մէջ, ուր կայ հայկական մամուլ, հայոց լեզուի պահպանումը շատ աւելի բարձր մակարդակի վրայ է»,- ըսաւ Տիգրան Զարգարեանը:
«Զարթօնք»-ը իր գործունէութեան տարիներուն ուշադրութեան կեդրոնը պահեր է ինչպէս հայերուն կապող խնդիրները, այնպէս ալ միջազգային կարեւոր իրադարձութիւնները: Թերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշեց, որ գալիք օրերուն պիտի շարունակուի աշխատանքը նոյն սկզբունքներով:
«Սփիռքի մէջ 80 տարի հայերէն թերթի գոյութիւնը արդէն յաղթանակ կը վերագրէ: Թերթը բազմաթիւ իրադարձութիւններու անդրադարձած է՝ պահպանելով առարկայնականութիւնը ու անաչառութիւնը»,-ըսաւ Սեւակ Յակոբեան:
Այսօր թերթը, որպԷս տպագիր մամուլ, որոշ դժուարութիւններու առջեւ կանգնած է: Սեւակ Յակոբեանը ընդգծեց, նոյնիսկ մէկ ընթերցողի պարագային թերթը պիտի տպագրուի՝ զուգահեռ օգտագործելով համացանցային նորագոյն միջոցները: Սեւակ Յակոբեանը տեղեկացուց, որ սկսած են թերթի արխիւը թուարկելու գործընթացը:
«Արմենփրես»






