Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

80-ամեայ Յանձնառու Առաքելութիւնը Կը Շարունակուի

Աջակցութեամբ՝ ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան երէկ երեկոյեան ժամը 4:00-ին Հայաստանի Ազգային Գրադարանի, «Թամանեան»ի անուան մասնաշէնքի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի Բաբախուն Սիրտ՝ Պէյրութի Հայատառ Օրաթերթ՝ ԶԱՐԹՕՆՔի 80-Ամեակի նշումը:

Յայտագիրին մէջ ընդգրկուած էր Զարթօնքի վերաբերող արխիւային նիւթերու ցուցահանդէս, որմէ ետք Զարթօնքի բարեկամ ներկաները մտիկ ըրին օրուայ զեկուցաբերներուն խօսքերը:

Ձեռնարկը իր ներկայութեամբ պատուեց ՀՀ Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, ինչպէս նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառին ներկայացուցիչը՝ Գերշնհ. Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան:

Քննարկոեցան շատ մը կարեւոր նիւթեր, որոնց աւարտին պատուեցաւ «Զարթօնք» ամէնահին Գրաշարը՝ Արժանապատիւ Տէր Մովսէս Աւագ Քահանայ Ղուկասեանը:

Մնարամասնութիւնները, խօսքերուն ամբողջութիւնը եւ շնորհաւորագրեր շուտով լոյս կը տեսնեն յատուկ թիւով:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին