Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

ԱՄՆ-ն Հաստատ Ունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կարողութիւն. Աննա Էշու

ԱՄՆ քոնկրէսի ներկայացուցիչներու պալատի հայ գործիչ Աննա Էշուն վստահ է, որ ԱՄՆ-ն պարտաւոր է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ան այս մասին ըսած է Ազգային ժողովի մէջ` ի պատասխան լրագրողներու հարցին, թէ հնարաւո՞ր է, որ ԱՄՆ-ն ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի օրով:

«Մեզմէ շատերը չեն դադրիր աշխատելու այս ուղղութեամբ: Մենք պիտի շարունակենք մեր ջանքերը, որպէսզի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միանայ միջազգային հանրութիւնը ներկայացնող այն մեծաթիւ երկիրներուն, որոնք արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ատիկա անցեալի սարսափի մասին է, սակայն, ես նաեւ կը կարծեմ, որ մեր այցը կ’առնչուի մեր ապագային ու հայ-ամերիկեան գործընկերութեան, տնտեսական կապերու ամրապնդման: Ատիկա ո՛չ միայն Հայաստանի եւ հայերու, այլեւ կը բխի Ամերիկայի շահերէն»,- ըսած է ԱՄՆ քոնկրէսականը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին