Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Քաղաքական Հարթակ – Պապիկ Եւ Թոռնիկ Շարքէն թիւ 3 Արարայի Ճակատամարտի 99-ամեակի Յիշատակին

*ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ*

Չկայ աւելի անկեղծ խօսակցութիւն քան պապիկի ու թոռնիկի երկխօսութիւնը: Պապիկին համար թոռնիկը ընտանիքին շարունակութիւնն է եւ իր երազներու իրականացման շարունակողը: Թոռնիկին համար պապիկը գիտելիքներու պաշար է եւ այն անձն է, որուն կ’ապաւինի երբ ծնողքը իրեն կ’ուզեն պարտադրել բան մը, որուն ինք կը հակառակի: Պապիկը կը հաւատայ, որ երկխօսութիւնը ամենալաւ միջոցն է բան մը սորվեցնելու թոռնիկին արհեստագիտութեան այս դարուն, ուր մարդիկ զիրար չեն տեսներ: Շաբաթը մի քանի անգամ պապիկը եւ թոռնիկը կը հանդիպին եւ պապիկը կը պատասխանէ անոր հարցումներուն եւ կու տայ ցուցմունքներ կեանքի իր փորձառութենէն: Թոռնիկը աչքերը լայն բացած մտիկ կ’ընէ պապիկին եւ կը պատրաստէ յաջորդ հարցումը:

Երեկոյեան պապիկը եւ թոռնիկը նստած են պատշգամին եւ թոռնիկ կը հարցնէ առաջին հարցումը.

-Պապիկ, այն օր մեր պատմութեան ուսուցիչը խօսեցաւ Արարայի ճակատամարտին մասին: Ե՞րբ, ո՞ւր եւ որո՞ւ միջեւ տեղի ունեցաւ այդ ճակատամարտը:

-Տղաս, Արարան բլուր մըն է Պաղեստինի մէջ, Երուսաղէմէն քիչ մը հեռու: Հոն 1918 Սեպտեմբեր 19-ին տեղի ունեցաւ ճակատագրական ճակատամարտ մը, մէկ կողմէ յառաջացող անգլիական եւ ֆրանսական բանակներուն, որոնց հրամանատարն էր անգլիացի Զօրավար Ալենպին, եւ Օսմանեան 4-րդ բանակին միջեւ: Օսմանեան բանակը դիրք բռնած էր Արարայի բլուրին վրայ: Դաշնակիցներու բանակը ստորոտէն պիտի յառաջանար դէպի վեր: Բաւական դժուար գործ էր: Այս ճակատամարտին եթէ օսմանցիները պարտուէին, դուրս պիտի մղուէին ամբողջ Միջին Արեւելքէն:   Դաշնակիցները առաւելութիւն մը ունէին՝ իրենց շարքերուն միացած էր Հայկական Լեգէոնը:

-Հայկական Լեգէոնը ինչպէ՞ս կազմուեցաւ եւ ի՞նչ գործ կատարեց:

– Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք եւ մեր ժողովուրդի պապենական հողերու կորուստէն ետք, հայ ժողովուրդի զաւակներ թուրքին դէմ ցասումով լեցուած էին ու առիթի կը սպասէին իրենց ազգակիցներուն վրէժը լուծելու համար: Անոնք ուրիշ նպատակ մըն ալ ունէին՝ կ’ուզէին վերականգնել հայկական պետականութիւնը Կիլիկիոյ մէջ: Դաշնակիցները խոստացած էին հայկական պետականութիւնը վերականգնել Կիլիկիոյ մէջ: հայկական Լեգէոնը հիմնուեցաւ այս ժամանակաշրջանին եւ ան կը բաղկանար մուսալեռցի կամաւորներէ, ինչպէս նաեւ ամերիկահայ կամաւորներէ: Մուսալեռցի կամաւորներէն ծանօթ էին Եսայի Եաղուպեանը, Պետրոս Տըմլաքեանը, իսկ ամերիկահայ կամաւորներէն՝ հարիւրապետ Ճիմ Չանգալեանը եւ հարիւրապետ Ճորճ Թաքաքճեանը: Այս Լեգէոնը ապագային պիտի դառնար Կիլիկիոյ հայկական պետութեան բանակին կորիզը, եթէ դաշնակիցները գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ մեզի  չդաւաճանէին: Այդ օրը Սեպտեմբեր 19, 1918-ին երկու հազար հայ Լեգէոնականներ գրոհի անցան Արարայի ամենավտանգաւոր բլուրին ուղղութեամբ եւ «անկարելի»ն շնորհիւ հայ տղոց խիզախութեան դարձաւ կարելի: Օսմանցին մեծ պարտութիւն կրեց եւ դուրս շպրտուեցաւ Միջին Արեւելքէն:

-Մեզի ի՞նչ կտակ թողուցին այդ հերոսները:

-Տղաս, այդ հերոսները մեր ժողովուրդի խիզախ զաւակներն էին: Անոնք ցոյց տուին, որ հայ զինուորին համար չկայ անկարելի բան: Անոնք իրենց զոհաբերութեամբ լուծեցին վրէժը օսմանեան դաւաճանութեամբ ինկած մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ֆրանսացի գնդապետ Ռոմիէօ, հետեւեալ խօսքը արտասանեց հայկական Լեգէոնի 21 մուսալեռցի, չնգուշցի, սեբաստացի, արաբկիրցի, խարբերդցի եւ չմշկածագցի նահատակներու յիշատակաին.«…Քնացէ՛ք ձեր փառքին մէջ. Դուք ճամբան բացիք Արդարութեան եւ Իրաւունքին, որոնք դարերէ ի վեր վտարուած էին այս շրջաններէն: Պիտի գիտնանք ձեզի արժանի ըլլալ, որպէսզի այս հատուցումը կատարեալ եւ տեւական ըլլայ…»

Այո փառք անոնց անմեռ յիշատակին: Այդ տղաքը փաստեցին, որ հայը կքիլ չի գիտեր: Երբ հատուցումի ժամը հասնի, ան միշտ պատրաստ է հայրենիքի կանչին ականջ դնելու, կամաւոր դառնալու եւ ի պահանջել հարկին իր կեանքը զոհաբերելու յանուն աշխարհի ժողովուրդներու եւ հայ ժողովուրդի բարօր ու խաղաղ կեանքին: Փառք Արարայի 21 հայ նահատակներուն եւ բոլոր ճակատամարտերու հայ հերոսներուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին