Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի իր ելոյթէն ետք՝ ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը կարճատեւ առանձնազրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի հետ:
Հայաստան եկած եմ` իշխանութիւններուն հետ քննարկելու Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին:
Այս մասին, ըստ «News.am»-ի, Սեպտեմբեր 19-ին, Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ծիրէն ներս կազմակերպուած «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում, ցեղասպանութիւններու կանխարգիլում, քաղաքական եւ իրաւական գործընթացները» թեմայի քննարկման ժամանակ, ըսած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը։
«Պէտք չէ սպասել, որ լաւ օր մը պիտի գայ եւ մենք պիտի խօսինք այս մասին, պայմանները կը վատթարանան եւ ամէն օր աւելի կը վատանան, պէտք է ճանապարհներ գտնել հարցերուն լուծում տալու համար: Ես Հայաստան եկած եմ, հանդիպումներ ունեցած վարչապետի եւ նախագահին հետ` Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները կարգաւորելուն վերաբերեալ: Գիտեմ` շատ դժուար է, բայց պէտք է ջանքեր թափել այդ ուղղութեամբ»,- ըսած է Կարօ Փայլանը:
Նշենք, որ պատգամաւորը առաջին անգամն է, որ կ’այցելէ Հայաստան: