Հայաստան-Սփիւռք համահայկական վեցերորդ համաժողովի մասնակիցները այսօր` Սեպտեմբեր 19-ին, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Համաժողովի մասնակիցները ծաղկեպսակ դրին 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ լռութեամբ ու խոնարհումով յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը:
Հիւրերը այցելեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, գրութիւններ ձգեցին յուշամատեանին մէջ:
Հայաստան-Սփիւռք Համաժողովին Քննարկուած է ՀՀ Ռազմարդիւնաբերական Համալիրի եւ Սահմանամերձ Բնակավայրերու Զարգացումը
19 Սեպտեմբերին, կայացած է չորրորդ նիստը Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին ՝ ՀՀ պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ թեմայով:
ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Ռազմարդիւնաբերական համալիր. արդիականացման, համագործակցութեան եւ տնտեսական առաջընթացի խթանում խորագիրով նիստին բանախօսները անդրադարձած են հայկական ռազմարդիւնաբերական համալիրի զարգացման հնարաւորութիւններուն, մասնաւորապէս` գիտահետազօտական եւ արհեստագիտական ոլորտին մէջ առաջխաղացման հեռանկարային ծրագիրներուն եւ գաղափարներուն, Հայաստանի եւ միջազգային ասպարէզի մէջ առկայ ներուժի եւ միջոցներու նպատակային օգտագործման հիմնական խնդիրներուն:
Քննարկման ընթացքին ելոյթներ ունեցած են շահագրգիռ գերատեսչութիւններու եւ կառոյցներու, Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ գործող գիտահետազօտական եւ վերլուծական շարք մը կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք զեկոյցներ եւ առաջարկներ ներկայացուցած են` կապուած պաշտպանական ոլորտի մէջ նոր ներդրումներու, Հայաստանի եւ Սփիւռքի արհեստագիտական ներուժի ներգրաւման եւ օգտագործման, գիտահետազօտական եւ փորձնական-կառուցողական աշխատանքներու կազմակերպման, ինչպէս նաեւ ՀՀ ռազմարդիւնաբերութեան արտահանման ներուժի զարգացման հետ:
Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի «ՀՀ պաշտպանական քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները ժամանակակից մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ» թեմային վերաբերող միւս նիստին նիւթն էր Սահմանամերձ բնակավայրերու կայուն զարգացումը եւ յուսալի պաշտպանութիւնը: Բանախօսները անդրադարձած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի նախագահութեամբ գործող, սահմանամերձ բնակավայրերու խնդիրները համակարգող յանձնաժողովին իրականացուցած գործունէութեան ու յառաջիկայ նախաձեռնութիւններուն, ընդգծած են արձանագրուած խնդիրները յստակ եւ հետեւողական քայլերուն միջոցով հնարաւորինս կարճ ժամանակահատուածի մէջ լուծելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկման ընթացքին ելոյթներ ունեցած են շահագրգիռ գերատեսչութիւններու եւ կառոյցներու, ՀՀ եւ Արցախի սահմանամերձ համայնքներու մէջ զարգացման եւ բարեգործական ծրագիրներ իրականացուցած համահայկական միութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, որոնք անդրադարձած են սահմանամերձ բնակավայրերու պաշտպանունակութեան բարձրացման ուղղութեամբ իրականացուած համալիր քայլերուն, զարգացման ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն: