*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Հմայիչ էր Յովհաննէս Թումանեանը իբրեւ բանաստեղծ ու մարդ: Ան կը կրէր ժողովուրդի լաւագոյն գիծերը՝ գրականութեան մէջ սէր դէպի ժողովրդական ստեղծագործութիւնը, իսկ կեանքի մէջ՝ լայն հիւրասիրութիւն եւ սէր դէպի իր ընտանիքն ու երեխաները:
Թումանեանը ժողովրդական հանճարի փայլատակում է: Ծնած ըլլալով հողէն, ունենալով լեռնցիի մեծ սիրտ ու պայծառ երեւակայութիւն` ան իր ստեղծագործութեան մէջ խտացուց իր ժողովուրդի ազգային նկարագիրը, անոր ճակատագիրն ու պատմական գոյատեւման վիթխարի ուժը: Ան ի տես աշխարհին բարձրացուց մեր ժողովուրդի համամարդկային ոգին, բարի սիրտը, անմար, հեթանոս հաւատը բնութեան հանդէպ։
…Այժմ, նոր կեանքի կերտման այս դարաշրջանին, անցեալի հենքին վրայ մեծ բանաստեղծին կերպարանքը աւելի ու աւելի ցայտուն է իբրեւ փայլող գագաթ:
Մարտիրոս ՍԱՐԵԱՆ
Հայ ազգային մեծագոյն բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը գրականութեան մէջ մտաւ 19-րդ դարու վերջերը եւ ստեղծագործեց մինչեւ 20-րդ դարու 20-ական թուականներուն սկիզբը` շուրջ չորս տասնամեակ: Սակայն, անոր ստեղծագործութեան գեղարուեստական հասունութեան, ռէալիզմի եւ ժողովրդայնութեան ամենաբարձր աստիճանը համընկաւ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն հետ: Այդ տարիներուն, Թումանեանը, ինչպէս իր գեղարուեստական երկերով, այնպէս ալ գրական-հասարակական բազմակողմանի գործունէութեամբ, դարձաւ հայ գրականութեան կեդրոնական դէմքը: Թումանեանի երկերը առաւել ամբողջական, գեղարուեստական չխամրող ուժով մարմնաւորեցին հարազատ ժողովուրդի ազգային բնաւորութեան լաւագոյն գիծերը, դարձան անոր հոգեւոր ուժերուն, անոր բարձր ձգտումներուն եւ իտէալներուն խորհրդանիշը:
Հայ իրականութեան մէջ չկայ այնպիսի մարդ, չափահաս կամ երեխայ, որուն ծանօթ չըլլայ անոր «Շունն ու կատուն» հիանալի երկը: Հայ ժողովուրդի սիրելի բանաստեղծը` Թումանեանը, որ իր քաղցրահնչիւն չափածոներուն եւ դասական պարզութիւն ունեցող արձակին մէջ արտայայտած է ժողովուրդին խոհերն ու զգացումները, այդ փոքր առասպելին մէջ ալ ցուցադրած է իր վիթխարի տաղանդին առանձնայատկութիւնները:
Իսկ անոր տաղանդի կենդանութեան շունչը կրնանք զգալ 1953 Ապրիլէն, Երեւանի Մոսկովեան 40 հասցէին, ճարտարապետ Գրիգոր Աղաբաբեանի նախագիծով բացուած մեծ մտածող, մարդասէր, գրող, հեքիաթագիր Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ, ուր խնամքով կը պահուին աւելի քան 18000 ցուցանմուշ:
Թանգարանի երկրորդ յարկին վրայ գտնուող վեց սրահներուն մէջ ամենայն մանրամասնութեամբ վերարտադրուած է Յովհ. Թումանեանի Թիֆլիսեան վերջին բնակարանը: Նոյն յարկին վրայ առանձին սրահի մէջ ներկայացուած է թանգարանի մեծագոյն արժէքներէն մէկը` Յովհ. Թումանեանի անձնական բացառիկ ու բազմաբնոյթ գրադարանը մօտ 8000 գիրքով: Գրողի, հասարակական գործիչի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող նիւթերը `լուսանկարներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, ձեռագրեր, հեքիաթներու եւ պատմուածքներու թեմաներով ստեղծուած նկարազարդումներ` ժամանակագրական կարգով ցուցադրուած են առաջին յարկի վրայ , ուր կը սկսի այցելուի ծանօթութիւնը թանգարանի հետ:
Թանգարանի առաջին յարկին վրայ կը գտնուի տնօրէն Նարինէ Խաչատուրեանի աշխատասենեակը, ուր կանգ առաւ մեր պտոյտը: Նարինէ Խաչատուրեանը 2007 թուականէն կը ղեկավարէ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանը։
«Զ.» – Ե՞րբ եւ ո՞ր թուականին թանգարանը սկսած է գործել իբրեւ տուն-թանգարան եւ ինչ ցուցասրահներ ունի:
«Ն. Խ.» – 1943-ի որոշումով՝ Գրիգոր Աղաբաբեանի նախագիծով,1953 թուականին բացուեցաւ մեծ մտածող, մարդասէր, գրող, հեքիաթագիր Յովհ. Թումանեանի թանգարանը, ուր խնամքով կը պահուի աւելի քան 18000 ցուցանմոյշ:
Թանգարանի երկրորդ յարկը գտնուող վեց սրահներուն մէջ, ամենայն մանրամասնութեամբ վերարտադրուած է Յովհ. Թումանեանի Թիֆլիսեան վերջին բնակարանը: Նոյն յարկին վրայ, առանձին սրահի մէջ ներկայացուած է թանգարանի մեծագոյն արժէքներէն մէկը` Յովհ. Թումանեանի անձնական, բացառիկ ու բազմաբնոյթ գրադարանը, մօտ 8000 գիրքով: Գրողի, հասարակական գործիչի կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող նիւթերը `լուսանկարներ, նամակներ, փաստաթուղթեր, ձեռագիրներ, հեքիաթներու եւ պատմուածքներու թեմաներով ստեղծուած նկարազարդումներ `ժամանակագրական կարգով ցուցադրուած են առաջին յարկին վրայ, ուր այցելուները կը ծանօթանան թանգարանին հետ:
Առաջին յարկին վրայ ցուցասրահներ են, որոնք կը պատմեն Թումանեանի կեանքին եւ գործունէութեան մասին: Խորհրդաւոր տպաւորութիւն կը ձգէ Թիֆլիսի Վերնատան կրկնօրինակը: Կը թուի, թէ հիմա, ուր որ է`Թումանեանի գլխաւորութեամբ այստեղ պիտի յայտնուին 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի մեր մեծ մտաւորականները` Ղ. Աղայեանը, Լ. Շանթը, Դ. Դէմիրճեանը, Կոմիտասը, Բաշինջաղեանը, Իսահակեանը եւ պիտի սկսի բուռն ու իմաստուն զրոյցը:
Թանգարանը հարուստ է նաեւ կերպարուեստի գլուխգործոցներով, որոնք զարդարած են Թումանեանի բնակարանը իր կենդանութեան օրով` Գ. Բաշինջաղեան, Թերլեմեզեան, նաեւ նոր գործերով, որոնք ստեղծուած են մտաւորականի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն ազդեցութեամբ Մ. Սարեան, Գր. Խանջեան, Ալ.Գրիգորեան եւ ուրիշներ: Թանգարանի ուշագրաւ անկիւններէն է նաեւ Լոռիի ձորը համայնապատկերը, որուն դիտումը կ’ուղեկցուի Անուշ օփերայի հնչիւններով` այցելուն տեղափոխելով Հայաստանի հիւսիսային ամենագեղեցիկ անկիւններէն մէկը:
Երկրորդ յարկին վրայ կը գտնուի ընդարձակ, լուսաւոր դահլիճ` նախատեսուած ցուցահանդէսներու, ձեռնարկներու եւ ներկայացումներու համար: Թանգարանի ձմեռնային այգին՝ թումանեանական թեմաներով՝ քանդակի իւրատեսակ ցուցահանդէս է:
Թանգարանի ներքին բակին մէջ, Թումանեանի սիրած պտղատու ծառերով ու ծաղիկներով բաց այգին է` փոքրիկ ջրաւազանով:
Դէպի թանգարան տանող 54 աստիճանը մեծ հայու կեանքի տարիները խորհրդանշող թիւն է:
«Զ.» -Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք Սփիւռքի հետ: Կը համագործակցի՞ք Լոռիի Դսեղ գիւղին մէջ գտնուող Թումանեանի տուն–թանգարանին հետ:
«Ն. Խ.» – Սփիւռքի հետ դեռ համագործակցութիւն չունինք: Շուտով Վրաստանի հետ ծրագիրներ պիտի ունենանք: Շատ մտերիմ ենք Վիրիահայց թեմի առաջնորդին հետ, որուն աջակցոթեամբ նոր ծրագիրներ կ՝իրականացնենք Վրաստանի մէջ գտնուող Թումանեանի վերջին բնակարանի տարածքին, որ վերջերս յանձնուեցաւ հայկական համայնքին: Շուտով կրթական-մշակութային ծրագիրներ պիտի իրականացնենք Թումանեանի 150-ամեակին նուիրուած։ Կ՝ուզենք նաեւ կազմակերպել ճանապարհորդութիւն մը դէպի Վրաստանով` Թումանեանի եղած հասցէներ, եւ եթէ համաձայնութիւն ստանանք՝ ցուցանակներ պիտի տեղադրենք այնտեղ, ուր եղած է Թումանեանը: Պէտք է ջանանք եւ կը կարծեմ, որ սրբազանը եւ հայկական համայնքը մեզի պիտի օժանդակեն այդ հարցով:
Անշո՛ւշտ կը համագործակցինք նաեւ Դսեղի թանգարանին հետ, բայց իրաւաբանօրէն մենք կապուած չենք անոր։ Անիկա կը պատկանի Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին, բայց մենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունինք այդ թանգարանին հետ եւ ոչ մէկ առիթ կը փախցնենք այնտեղ այցելելու եւ հանդիսութիւններ կազմակերպելու համար:
«Զ.» -Ի՞նչ գրականութիւն ունի թանգարանը: Ինչպէ՞ս կ’իրականացուի ցուցադրութիւնը:
«Ն. Խ.» – Թանգարանը ունի Թումանեանի անձնական գրադարանը, այսինքն՝ այն գիրքերը, որոնք ի՛նքը գնած է: Անիկա ամենահարուստ ու բազմաբովանդակ գրադարաններէն է մեծ գրողներու գիրքերով. Լեւ Թոլսթոյ, Կէօթէ, Թումանեան: Պահպանուած է գրադարանի 8150 գիրք ու պարբերական: Անոնցմէ 2400 հայերէն, 5220 ռուսերէն, 529 օտար լեզուներով գիրքեր են: Անոնք զետեղուած են 12 պահարաններու մէջ` ըստ թեմաներու: Գիրքերէն շատերուն մէջ Թումանեանը արձանագրութիւններ ըրած է, կան գիրքեր, որ քանի մը օրինակով են: Գրադարանի առաջին գիրքերէն են Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, Միքայէլ Նալպանտեանի «Հիւսիսափայլ» ամսագիրը: Գրադարանին մէջ կան մեծ թիւով հնատիպ ու հազուագիւտ գիրքեր` աւետարաններ, շարականներ, ձեռագիր գիրքեր: Տասնեակէ աւելի գիրքեր յանձնուած են Մատենադարանին: Ամենահին հայերէն գիրքերէն են. Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս որդի»-ն, «Նոր կտակարան», Առաքէլ Դաւրիժեցիի «Գիրք պատմութեանց», «Գիրք, որ կոչի Հարանց վարք»:
Ցուցադրոթեան պտոյտը կ’իրականցուի հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն լեզուներով: Կրնամ ըսել, որ Թումանեանի տուն-թանգարանը տարածաշրջանի միակ թանգարանն է, որ ունի արեւմտահայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացատրութիւն տուողներ:
«Զ.» – Ըստ բանաստեղծ Վահան Տէրեանի՝ Թումանեանի երկերուն մէջ կան հայրենի խինդ ու ժեստեր: Ըստ ձեզի՝ իբրեւ թանգարանի տնօրէն, ո՞րն է Թումանեանի ստեղծագործութեան իւրայատկութիւնը:
«Ն. Խ.» – Այս տասը տարիներուն ընթացքին, որ ես թանգարանի տնօրէնն եմ եւ շատ աւելի խոր եւ մանրամասն սկսած եմ ուսումնասիրել Թումանեանը, ես հասկցայ, որ զինք սխալ ճանչցած եմ, այսինքն, ես զինք ճանչցած եմ իբրեւ պոէտ, իբրեւ հեքիաթագիր, հրաշալի, տաղանդաւոր, հանճարեղ հեղինակ, բայց միայն ա՛յդքանը, իսկ թանգարանին մէջ պարզեցի, որ ան՝ նախ եւ առաջ՝ մեծ քաղաքացի էր, մեծ ազգային գործիչ, չափազա՛նց մեծ: Հիմա, երբ ինծի կը հարցնեն ո՞վ է Թումանեանը, կամ ասիկա որո՞ւն թանգարանն է, ես չեմ կրնար մէկ բառով պատասխանել: Կը դժուարանամ ըսելու, որ ան առաջին հեռթին գրող էր, քաղաքացի էր, դիւանագէտ էր, ազգային գործիչ էր, լաւ ընկեր էր, լաւ հայր էր եւ ի վերջոյ, ո՞րն էր առաջնայինը, այդ պատճառով ալ կ՝ըսեմ` Մարդ Պետութիւն էր Թումանեանը: Այն ժամանակ, երբ որ մենք պետականութիւն չունէինք, Թումանեանը իր ուսերուն ստանձնեց պետութեան գործառոյթները, կառավարութեան գործառոյթները, ատիկա ստիպուած ըրաւ, որովհետեւ ժամանակները սոսկալի էին, ժողովուրդին պէտք էր հոգեւոր առաջնորդ եւ Աստուած իրեն տուած էր այդ դերը:
Եթէ անդրադառնամ Թումանեանի ստեղծագարծութիւններուն՝ ինծի համար տիեզերքի ընթերցանութիւն է Թումանեանը , տիեզերքի մէջ մխրճուած անսահման մեծ, անհո՛ւն, որուն կարելի չէ դնել ո՛չ մէկ –իզմի մէջ, ո՛չ մէկ հոգեվիճակի մէջ սահմանափակել`մի՛այն խինդի կամ մի՛այն ուրախութեան, կամ մի՛այն թախիծի մէջ դնել:
Կարելի է ըսել, որ Թումանեանը այսօր ամենաընթերցուած հեղինակներէն է, շատ պահանջուած են անոր հեքիաթները, քառեակները, բայց ես շատ պիտի ուզէի, որ մենք նաեւ իր յօդուածներուն անդրադառանանք, որովհետեւ այնտեղ է իր քաղաքացիական ամբողջ դրսեւորումը: Յօդուածները ամենատարբեր թեմաներու մասին են` արուեստէն, գրականութենէն սկսեալ մինչեւ քրէական յանցագործութիւններ, մինչեւ արդարադատութիւն:
«Զ.» -Թումանեանի լեզուն բազմիցս կը համեմատեն Ռուս գրող Ալեքսանդր Պուշկինի լեզուին: Դուք, իբրեւ Թումանեանագէտ, ի՞նչ կը կարծէք, ո՞րն է այս երկու հեղինակներուն նմանութիւնը:
«Ն. Խ.» – Ես կը կարծեմ, որ մենք համեմատելու այդ հիւանդութենէն պէտք է ձերբազատինք` մեր բոլոր մեծերը ռուսերու հետ չհամեմատելով: Ինչո՞ւ օրինակ Թումանեանը չենք համեմատեր Շեքսփիրի հետ, բայց Պուշկինի հետ ընդհանրութիւններ կը տեսնեն: Անշուշտ, Պուշկինը նո՛յնպէս հանճարեղ գրող է, բայց ինչո՞ւ մեր հասարակութեան մէջ չեն ըսեր, որ ռուս այս ինչ գրողը՝ օրինակ, մեր Իսահակեանն է: Չեն ըսեր, որովհետեւ ատիկա բարդոյթ է, մենք մեզ չենք գնահատեր: Պուշկինը ունի իր բարձրունքը համաշխարհային գրականութեան մէջ, Թումանեանը իր բարձրունքը համաշխարհային գրականութեան մէջ, բայց Պուշկինը բախտաւոր է, որ թարքմանուած է օտար լեզուներով, եւ աշխարհը զինք կը ճանչնայ իրեն հասանելի լեզուով` անգլերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն: Թումանեանը չէ թարքմանուած, ցաւօք սրտի, որ մեր մշակոյթի, այսինքն սովետական ժամանակաշրջանէն սկսեալ մշակոյթի գործիչներու ահաւոր մեծ թերացումն է:
Թումանեանը պէտք է շատ պատշաճ թարգմանուի, ճիշդ է, այսօր կան բազմաթիւ թարգմանութիւններ, օրինակ 40-է աւելի լեզուներով Թումանեանը թարգմանուած է, բայց անոնք որակ չունին եւ եղած են պարզապէս նշելու համար, բայց չենք կրնանք ըսել, որ ատիկա ճի՛շդ Թումանեանն է: Այսօր մեր թանգարանի թիւ մէկ խնդիրը, որովհետեւ շուտով Թումանեանի 150-ամեակն է, Թումանեանը պատշաճ ձեւով թարգմանելն է, առայժմ անգլերէն եւ գերմաներէն: Հեղինակաւոր հրատարակիչներու միջոցով այնտեղ տպագրենք գիրքը եւ ներկայացնենք ընթերցողին, չեմ գիտեր որքան կը յաջողինք, բայց արդէն կը կատարուի թարգմանիչներու ընտրութիւնը: Մենք ծաղկաքաղ ըրած ենք անոր ստեղծագործութիւններէն, պատրաստած ենք մէկ հատընտիր, ուր կայ ամէն ինչ, անգամ անոր յօդուածներէն, որովհետեւ կան յօդուածներ, որոնք կը վերաբերին համաշխարհային գրականութեան եւ շատ հետքրքրական են եւ հետքրքրական պիտի ըլլան օտար ընթերցողին եւս, այսինքն նեղ ազգային չեն:
«Զ.» – Շնորհակալութիւն Տիկ. Խաչատուրեան: Նշենք, որ Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Մոսկովեան 40 հասցէին վրայ: Հեռ.` +374-10-560021 Կայքէջ` www.toumanian.am