Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Մարդու Իրաւունքներու Վերաբերեալ Երկրորդ Ամէնամեայ Մրցոյթը Նուիրուած է Զապէլ Եսայեանի Ժառանգութեան

     Սեպտեմբեր 1-ին` Գիտելիքի եւ դպրութեան օրը, Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղի Զապէլ Եսայեանի անուան միջնակարգ դպրոցին մէջ «Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամ»-ի կազմակերպած ձեռնարկին ժամանակ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը յայտարարած է մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ աշակերտական շարադրութիւններու 2-րդ հանրապետական մրցոյթը, որուն կրնան մասնակցիլ Արցախի բոլոր դպրոցներու 9-12-րդ դասարանի աշակերտները:

     Ըստ «Artsakhpress.am»-ի, Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը յայտնած է, թէ այս տարի մրցոյթի գործընկերներն են «Թուֆենկեան բարեգործական հիմնադրամ»-ը եւ ԱՄՆ-ի մէջ գործող «Հայկական հետազօտութիւններու ազգային ընկերակցութիւն»-ը (NAASR): Մրցոյթը նուիրուած է 20-րդ դարասկիզբի ականաւոր իրաւապաշտպան, գրող եւ հրապարակախօս Զապէլ Եսայեանի ժառանգութեան, եւ անոր խորագիրն է «Ինչո՞ւ մարդու իրաւունքները կարեւոր են. իմ ապրած իրականութիւնը եւ Զապէլ Եսայեանի փորձառութիւնը»: Մրցոյթի համակազմակերպիչ Ճուտիթ Սարեանը (ԱՄՆ) ընդգծած է, որ «Զապէլ Եսայեանի ժառանգութիւնը պիտի օգնէ Արցախի դպրոցականներուն՝ մարդու իրաւունքներու համար պայքարը ընկալելու իբրեւ մեզի բնորոշ մշակութային եւ պատմական աւանդոյթ»:

     Մրցոյթին ներկայացուող շարադրութիւնը պատրաստելու համար՝ անհրաժեշտ է ընթերցել եւ օգտագործել Զապէլ Եսայեանի «Սիլիհտարի պարտէզները» ստեղծագործութենէն քաղուածք պարունակող նախնական նիւթը (https://www.ombudsnkr.am/docs/Zapel_Esayan.pdf): Շարադրութիւններու ներկայացման վերջնաժամկէտն է Հոկտեմբեր 30-ը: Մրցոյթի կանոններուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ յղումով` https://ombudsnkr.am/docs/2017_KARG.pdf:

     Շարադրութիւնները գնահատելու նպատակով կազմաւորուած է մրցութային յանձնաժողով, ուր ներգրաւուած են հանրային գործիչներ Արցախէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն, ներառեալ` Զապէլ Եսայեանի թոռնիկը` ԵՊՀ դոցենտ Ալեքսանդր Եսայեանը,
իտալահայ ականաւոր գրող Անթոնիա Արսլանը, ԱՄՆ հայ իրաւաբանական միութեան ներկայացուցիչ Կարօ Ղազարեանը, Ամերիկայի հայկական համագումարի ներկայացուցիչ Արփի Վարդանեանը, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ:

     Ինչպէս անցեալ տարի` մրցութային յանձնաժողովի նախագահն է Արցախի մարդու իրաւունքներու առաջին պաշտպան Եուրի Հայրապետեանը:

Շարադրութիւնները գնահատելու ժամանակ կարեւոր պիտի համարուին ստեղծագործական մօտեցումը, նախնական նիւթի իմացութիւնը, աշխատանքի ինքնատիպութիւնն ու վերլուծականութիւնը:

     Յաղթողները պիտի պարգեւատրուին արժէքաւոր մրցանակներով, եզրափակիչ փուլ անցած մասնակիցները` անուանական յատուկ մրցանակներով, իսկ միւս բոլոր մասնակիցները պիտի ստանան յուշանուէրներ:

     Մրցոյթի արդիւնքները պիտի ամփոփուին Դեկտեմբեր 10-ին` Մարդու իրաւունքների միջազգային օրը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին