Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Կառավարութիւնը Հրապարակած Է Մէկ Տարուան Աշխատանքի Հաշուետուութիւնը

    Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը հրապարակած է 1 Սեպտեմբեր 2016 – 30 Օգոստոս 2017 երկարող ժամանակահատուածին՝ ընտրուած ոլորտներուն մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն վերաբերեալ հակիրճ հաշուետուութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

     Հարկային ստուգումները առաւել հասցէական եւ արդիւնաւէտ դարձնելու   նպատակով.

   47.8 տոկոսով կրճա­­տուած է հար­կա­յին մարմինի կողմէ իրականացուող ստուգումներու եւ ուսում­նա­սի­րութիւններու քա­նակը:

     Ներդրուած է «Օրինապահ հարկ վճարող» կար­գա­վիճակի տրամադրման համակարգը:

     Գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ իրականացուած քայլեր.

     WB Doing Business զեկոյցին ծիրէն ներս՝ հաս­տատուած է Հայաստանի գործարար միջավայրի բարելաւման 2017 թուականի ձեռնարկ­ներուն ծրագիրը:

     Հաստատուած 49 ձեռնարկներու իրականացման իբրեւ արդիւնք կ’ակնկալուի, որ ՀՀ դիրքը՝ 190 երկիրներու շարքին 38-րդ տեղէն, այլ հաւասար պայմաններու մէջ, պիտի բարելաւուի 12 կէտով:

  Գործարարներու հետ քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք խնդիրներու  բացայայտում եւ հնա­րա­ւոր լուծումներու մշակում.

   Ռուսիոյ Դաշնութենէն մարգարիտի հումքի մատակարարումներու   արդիւնաբերու­թիւնը բարձրացնելու նպատակով կը յստակեցուին ընթացակարգը, որուն իբրեւ արդիւնք` պիտի սկսին մարգարիտի հումքի կանոնաւոր մատակարարումները  ՌԴ Գոխրանէն:

     Արտահանում.  

     2017 Յունուար-Յուլիս երկարող ժամանակահատուածին ապրանքներու արտահանումը կազմած է 1185,1 միլիոն ԱՄՆ տոլար` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճելով 210,8 միլիոն ԱՄՆ տոլարով (21.6 %-ով)

     Ներմուծում. 

     2017 Յունուար-Յուլիս երկարող ժամանակահատուածին ապրանքներու ներմուծումը կազմած է 2161,7 միլիոն ԱՄՆ տոլար` նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճելով 479,1 միլիոն ԱՄՆ տոլարով (28.5 %-ով):

     Ներմուծման աճը մեծապէս կապուած է միջանկեալ օգտագործման (արտադրական նպատակներով) եւ հիմնական արտադրանքի ներմուծման աճերով:

     Ներդրումներու պաշտպանութեան եւ վստահութեան մակարդակի բարձրացում

     Մշակուած է օտարերկրեայ ներդրումներու մասին նոր օրէնքը:

     Ներդրուած է վերաբնակեցման հիմնարկը- պիտի ապահովուի օտարերկրեայ նոր 5-10 ընկերութիւններու մուտք եւ արձանագրութիւն Հայաստանի մէջ:

     Զբօսաշրջութիւն

     Ներգնայ զբօսաշրջային այցելութիւններ. Հայաստան ընդհանուր այցելութիւնները 2017 Յունուար-Յունիսին կազմած են 1,350,791, աճը՝ 2016 Յունուար-Յունիսի համեմատ՝ 24.3% է:  2016 Յունուար-Յունիսին այդ ցուցանիշը կազմած է 1,086,466, 2015 Յունուար-Յունիսին` 1,066,779:

     ՀՀ մարզերու մէջ գործարարութեան խթանում.

     Իրականացուած են ուսուցողական ծրագիրներ մարզպետներու, համայնքներու ղեկավարներու եւ համայնքային պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, մշակուած են մարզպետներու աշխատանքներու գնահատման չափորոշիչներ, մեթոտական ուղեցոյցներ համայնքներու հնգամեայ զարգացման ծրագիրներուն մէջ տնտեսական զարգացման ուղղուած բաղադրիչին վերաբերեալ: Մշակուած  է համայնքներու կողմէ տրամադրուող ծառայութիւնները մասնաւոր ընկերութիւններու պատուիրակման մեթոտական ուղեցոյց:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին