Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Պոլսոյ Նահանգի Իշխանութիւնները Դարձեալ Կը Միջամտեն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան

     Պոլսոյ նահանգապետարանը դարձեալ կը միջամտէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին, այս անգամ պնդելով, որ գոհ չէ ընտրութիւններու կազմակերպչական հոլովոյթը գործադրող խումբի կարգ մը անդամներէն:

     Համաձայն պոլսահայ «Ակօս» թերթին, ըստ համայնքին մէջ տարածուած լուրերուն՝ պատկան մարմինները նշած են, որ առարկութիւն ունին նախաձեռնող խումբի որոշ անդամներուն առնչութեամբ եւ պնդած են, որ այդ անդամներուն մասնակցութեամբ ընտրութիւն չի կրնար կազմակերպուիլ:

   Նահանգապետարանին հետ համաձայնութիւն գոյացնելու եւ որոշ սրբագրութիւններ կատարելու համար, նախաձեռնող խումբի անդամները նոր ժողով պիտի գումարեն:

     Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ հայոց պատրիարքի ընտրութեան կայացման ջատագով՝ «Տեսակէտներու հարթակ»ը, համայնքին մէջ նախաձեռնած է հարցախոյզի մը, որ պիտի սկսի Սեպտեմբերի կիսուն: Անոր նպատակն է պարզել հայ համայնքին, տեսակէտը՝ պատրիարքի, պատրիարքութեան եւ համայնքին համար կարեւոր հարցերուն շուրջ,  ինչպէս նաեւ ակնկալիքները՝ ապագայ պատրիարքէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին