Ուրբաթ, 27. 02. 2026

spot_img

ՀՀ Նախագահը Խորհրդակցութիւն Ունեցած է Հայ-չեխական Եւ Հայ-սլովաքեան Տնտեսական Համագործակցութեան Օրակարգի Հարցերուն Շուրջ

  Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ տնտեսական բաղադրիչի ընդլայնման ուղղուած խորհրդակցութիւններու շարքին, Սեպտեմբեր 13-ին, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հետ Հայաստանի տնտեսական համագործակցութեան եւ երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգի, տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման նախադրեալներու, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներուն եւ խոչընդոտներուն վերաբերեալ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին զեկուցած է Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հանրապետութիւններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սէյրանեանը:

     Դեսպանը նաեւ առաջարկներ ներկայացուցած է վերոնշեալ երկիրներուն հետ Հայաստանի առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու խորացման հնարաւորութիւններուն եւ առկայ խնդիրներուն լուծման վերաբերեալ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

     Խորհրդակցութեան սկիզբը, ընդգծելով որ յաջորդ տարի Հայաստանը պիտի նշէ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակը, նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր համարած է, որ քառորդ դարեայ այդ յոբելեանը նշուի իրական ձեռքբերումներով: 

     «Ես ուրախ եմ, որ վերջին շրջանին աշխուժացած են հայ-չեխական յարաբերութիւնները, որ շատ տեսանելի է յատկապէս բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու առումով, որոնք իրենց դրական ազդակները կը փոխանցեն համագործակցութեան բոլոր ոլորտներուն: Եւ շատ կարեւոր է, որ այդ այցելութիւններուն ընթացքին եղած համաձայնութիւնները կատարուած են, կամ՝ որոշ մաս մը կը գտնուի ընթացքի մէջ:

     Չեխիոյ Հանրապետութիւնը ունի զարգացած տնտեսութիւն: Հայաստանի համար ես այդ երկիրը կը համարեմ կարեւոր գործընկեր: Չեխիան կրնայ մեծ ներդրում ունենալ մեր տնտեսական առաջընթացի գործին մէջ: Կը կարծեմ` ե՛ւ մենք, ե՛ւ մեր քաղաքացիները կը տեսնեն զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ աշխուժութիւնը, եւ այստեղ իրենց ներդրումը ունին նաեւ չեխ զբօսաշրջիկները, որոնց թիւը թէեւ շատ մեծ չէ, այնուհանդերձ, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ ընթացիկ տարուան անցած եօթը ամիսներուն՝ այդ թիւը աւելցած է 20 տոկոսով: Ասիկա կը վերաբերի նաեւ Սլովաքիոյ հետ յարաբերութիւններուն: Կը կարծեմ` ե՛ւ Չեխիան, ե՛ւ Սլովաքիան մեզի համար զբօսաշրջութեան զարգացման ոլորտին մէջ կարեւոր գործընկերներ են, այնպէս որ պէտք է ա՛յս ոլորտին մէջ աշխատանքները աշխուժացնել: Տեղեակ եմ կայացած հանդիպումներուն մասին, գիտեմ հայ-չեխական միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքի արդիւնքներուն, յստակ ծրագիրներուն մասին, բայց պիտի ուզէի, պարո՛ն Սէյրանեան, որպէսզի հիմա՝ Դո՛ւք համակարգուած խօսիք մեր ընելիքներէն, եւ ի հարկէ, եթէ կան խնդիրներ, առաջին հերթին` այդ խնդիրներուն մասին, որոնց լուծումը, իրօք, պիտի յանգեցնէ տնտեսական աշխուժութեան»,- ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: 

     Հայ-չեխական եւ հայ-սլովաքեան տնտեսական յարաբերութիւններու մէջ առկայ ներուժի լիարժէք օգտագործման, հեռանկարային ոլորտներու մէջ համագործակցութեան զարգացման նպատակով՝ Հանրապետութեան նախագահի կողմէն տրուած են շարք մը յանձնարարականներ: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին