Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Հայաստանի Սննդարդիւնաբերութիւնը Ներկայացնող Տաղաւարը Լաւագոյնը Ճանչցուած է Միջազգային Ցուցահանդէսին

     Սեպտեմբեր 11-14, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «WorldFood Moscow 2017» միջազգային ցուցահանդէսին մեր երկիրը ներկայացնող` Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի (ՀԶՀ) կառուցած տաղաւարը լաւագոյնը ճանչցուած է: ՀԶՀ աջակցութեամբ մեր երկրի սննդարդիւնաբերութեան ոլորտը մոսկովեան ցուցահանդէսին կը ներկայացնեն 16 հայկական ընկերութիւններ:

     Ինչպէս կը տեղեկացնէ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամէն, «WorldFood Moscow 2017»-ի կազմակերպիչները մրցանակը ՀԶՀ Առեւտուրի եւ միջոցառումներու կազմակերպիչ Լուսինէ Բալայեանին յանձնած են այն ժամանակ, երբ Հայաստանի տաղաւարին մէջ միջազգային գնորդներու ու մատակարարներու համար կազմակերպուած էր համտես:

     Ընտրութիւնը կատարուած է փորձագիտական յանձնաժողովի ու այցելուներու կողմէ: «Սա կը գնահատեմ որպէս մեր կազմի` առեւտուրի լաւ արդիւնք եւ, հետեւաբար, ցուցահանդէսի մասնակից ընկերութիւններէն կ՛ակնկալեմ աւելի յաջող բանակցութիւններ ու արտահանման աւելի մեծածաւալ պատուերներու պայմանագիրներ»,- նշած է ցուցահանդէսի օրերուն հայ արտադրողներու հետ Մոսկուա գտնուող` ՀԶՀ գործադիր տնօրէն Արմէն Աւագ Աւագեան:

     Նախորդ ցուցահանդէսէն հայկական արտադրողները վերադարձած են շուրջ 570 միլիոն դրամի արտահանման 12 պայմանագիրներով: Հայկական տաղաւարին մէջ ներկայ եղած են նաեւ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքէլեանը եւ Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանը:

 Հիմնադրամը տեղական արտադրողներուն կ’աջակցի արտահանման խթանման` Կառավարութեան ռազմավարութեան ծիրէն ներս։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին