Շաբաթ, 20. 09. 2025

spot_img

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի Պատասխանատու Նշանակուեցաւ Գարլա Խիճոյեանը

     Շաբաթ մը առաջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Միջին Արեւելքի ընդհանուր պատասխանատու նշանակուեցաւ Գարլա Խիճոյեանը։ Շրջանի որպէս պատասխանատու անոր պարտաւորութիւնները կ՚ընդգրկեն եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւններու մշակում, Միջին Արեւելքին առնչուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրներու ճշդում ու հետապնդում, ինչպէս նաեւ յատուկ նախաձեռնութիւններու իրագործում։

     Գարլա Խիճոյեանի կենսագրականը հարուստ է։ Ան եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելող Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանականներու Ուսանողական Միութեան (ՀԵՀՈՄ) ատենապետուհին, Լիբանանի քրիստոնեայ միութեան ատենապետուհին եւ համաշխարհային քրիստոնեայ ուսանողներու միութեան կեդրոնական վարչութեան մէջ Լիբանանի ներկայացուցիչ։ Ան տարբեր առիթներով երիտասարդութեան առնչուած միջ-եկեղեցական ժողովներուն մեր Ս. Աթոռը ներկայացուցած է, իսկ անցնող վեց տարիներուն ընթացքին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի երիտասարդաց բաժնի պատասխանատուի պաշտօնը վարած է։

     Խիճոյեան ֆրանսական գրականութիւն դասաւանդած է Պէյրութի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ եւ կը տիրապետէ արաբերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն լեզուներուն։

     Հինգշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2017-ին, Գարլա Խիճոյեանը ներկայացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ստանալու իր օրհնութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով այս կարեւոր պաշտօնին նշանակումը ու գնահատելով անոր կատարած աշխատանքը՝ մաղթեց որ շարունակէ վերանորոգ նուիրումով ներկայացնել Հայ Եկեղեցին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին