Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Չինաստանի եւ Քորէայի Հանրապետութեան Մէջ Հայաստանի Մշակոյթի Օրեր Պիտի Իրականացուին

     Հայկական երաժշտական խումբեր եւ անհատ կատարողներ պիտի մասնակցին Սեպտեմբեր 14-17 Չինաստանի եւ Քորէայի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող Հայաստանի մշակոյթի օրերուն:

     Ելոյթներով հանդէս պիտի գան «Գողթ» ազգագրական խումբը, քանոնահար Մերի Մուսինեանը, նախատեսուած է նորաձեւութեան ցուցադրութիւն «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի մասնակցութեամբ:

     Այդ ծիրէն ներս նաեւ պիտի իրականացուի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հաւաքածոներէն կազմուած հայ լուսանկարիչներու ցուցահանդէս` «Արարատը հայու աչքերով» խորագիրով:

     Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ՀՀ մշակոյթի եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն, աջակցած են Չինաստանի  եւ Հարաւային Քորէայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին