Երեքշաբթի, 24. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Հրատարակուած է Հալէպահայ Մարալ Պոյաճեանի «Երբ Կակաչները Կը Բացուին» Գիրքը

     Թուրքիոյ «Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է Լոս Անճելըս բնակող հալէպահայ Մարալ Յարութիւնեան-Պոյաճեանի  «Gelincikler acarken” («Երբ կակաչները կը բացուին») վէպի թրքերէն տարբերակը:

     Վէպը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան շրջանին Սասունի Սալոր գիւղին մէջ բնակող երկու երիտասարդի` Անոյի եւ Տարօնի սիրոյ մասին: Իր աւանդոյթներուն ամուր կառչած, լեռներու ծոցին մէջ ծուարած ու իր գիւղական առօրեայի մէջ թաղուած Սալորը կարծես լիովին կտրուած էր արտաքին աշխարհէն:

     Բայց Վանի ինքնապաշտպանութեան, քրտական խումբերու յարձակումներուն, տարբեր վայրերու մէջ հայերու կոտորածներու մասին լուրերը այստեղ նոյնիսկ կը սկսին հասնելու: Արեւմտեան Հայաստանին մէջ սովորական գիւղի մը սովորական բնակիչներու օրինակով հեղինակը կը ներկայացնէ հայերու հարկադիր հրաժեշտի պատմութիւնը իրենց սիրելի հայրենիքին, հողին ու ջուրին: Սա նաեւ սիրոյ պատմութիւն մըն է, որ կ’ապացուցէ, թէ սէրը չի մեռնիր նոյնիսկ այն պարագային, երբ կը մեռնին սիրահարները:

     Հալէպ ծնած Մարալ Յարութիւնեան-Պոյաճեանը փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ եւ կը բնակի Լոս Անճելըս: 2011 եւ 2014 թուականներուն ան այցելած է Վան, Պիթլիս, Մուշ, Շէնիկ եւ Սասուն` իր պապերու հայրենիքը, ուր ան նախապէս չէր եղած: Պոյաճեանի «Երբ կակաչները կը բացուին» գիրքը հրատարակուած է 2015-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին