Երեքշաբթի 12 Սեպտեմբեր 2017ի երեկոյեան ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ՝ ընկ. Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանին, քաղաքական հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժաաժաին հետ, Մաարապի կեդրոնատեղիի իր գրասենեակին մէջ: ՌԱԿի պատուիրակութեան ընկերակցեցաւ՝ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր` ընկ. Սեւակ Յակոբեան: Լիբանանեան Ուժերու կողմէ հանդիպման ներկայ եղաւ Տոքթ. Ռիչըրտ Գույումճեան:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու ապագայի գործակցութեան հեռանկարներ: