Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Վենետիկի Շարժանկարի Փառատօնին Ծիրէն Ներս Ցուցադրուած է Ջիվան Աւետիսեանի «Վերջին Բնակիչը» Ֆիլմը

     Վենետիկի 74-րդ միջազգային շարժանկարի փառատօնին ծիրէն ներս, Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը, Սեպտեմբեր 7-ին, հանդիպած է Վենեթօ նահանգի` մշակոյթի գծով տարածաշրջանային խորհրդական Քրիստիանօ Գորացցիին: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

     Հանդիպման ներկայ եղած են Վենետիկի փառատօնին ներկայացուած «Վերջին բնակիչը» ֆիլմի բեմադրիչ Ջիվան Աւետիսեանը, ֆիլմի արտադրողներ Գէսդուդիս Տրազտաուսգասը եւ Ատրինէ Միրզայեանը, Իտալիոյ հայերու միութեան նախագահ Մինաս Լուրեանը, դերասանուհի Սանտրա Տաուգշայդէն:

     Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Վենեթոյի եւ հայ ժողովուրդի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական ամուր կապերուն եւ անոնց համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութեան:

     Քրիստիանօ Գորացցին նշած է, որ Վենետիկեան փառատօնը, որուն կը հետեւի ամբողջ աշխարհը, լաւ առիթ է` ընդգծելու հայ ժողովուրդին հանդէպ բարեկամութիւնը եւ այս բարդ ժամանակներուն մէջ ներկայացնելու հիմնարար արժէքները, ինչպէս` միջմշակութային երկխօսութիւնը եւ խաղաղութիւնը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:

     Օրուան երկրորդ կիսուն, փառատօնի ծիրէն ներս, տեղի ունեցած է «Վերջին բնակիչը» ֆիլմին նուիրուած մամուլի ասուլիս, որուն ընթացքին ելոյթով հանդէս եկած են Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը եւ գրող Անթոնիա Արսլանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին