Հայկական երաժշտական խումբեր եւ անհատ կատարողներ պիտի մասնակցին Սեպտեմբեր 14-17 Չինաստանի եւ Քորէայի Հանրապետութեան մէջ իրականացուող Հայաստանի մշակոյթի օրերուն:
Ելոյթներով հանդէս պիտի գան «Գողթ» ազգագրական խումբը, քանոնահար Մերի Մուսինեանը, նախատեսուած է նորաձեւութեան ցուցադրութիւն «Տէրեան» մշակութային կեդրոնի մասնակցութեամբ:
Այդ ծիրէն ներս նաեւ պիտի իրականացուի «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի հաւաքածոներէն կազմուած հայ լուսանկարիչներու ցուցահանդէս` «Արարատը հայու աչքերով» խորագիրով:
Նախաձեռնութիւնը կը պատկանի ՀՀ մշակոյթի եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն, աջակցած են Չինաստանի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնները: