Թուֆէնկեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ Ստեփանակերտի «Արմատներ» կենսակեդրոնին մէջ (The Roots) տեղի ունեցած է իտալահայ յայտնի գրող Անթոնիա Արսլանի հետ հանդիպում:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ` որջունելով ներկաները` Անթոնիա Արսլան նշած է, որ շատ ուրախ է եւ միեւնոյն ժամանակ ոգեւորուած հանդիպման համար: «Ես կ’ուզէի ընդգծել այն կարեւորութեան մասին, որ ունի Արցախը սփիւռքահայերուն նկատմամբ: Ես կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք կ’ապրին իրենց բնօրրանին մէջ, եւ որոնք շատ հարազատ են իրարու հանդէպ»,- ըսած է Ա. Արսլան եւ աւելցուցած, որ, ըլլալով սփիւռքահայ, մեծ ցաւ կ’ապրի, քանի որ կը գտնուի հայրենիքէն հեռու:
Իտալահայ գրողը նշած է, որ ցանկութիւն ունի գիրք գրելու Արցախի մասին եւ այցելելով Ղարաբաղ, ան կը պատկերացնէ, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ սենարը: Ա. Արսլան պատմած է նաեւ իր անցած ուղիին եւ ունեցած յաջողութիւններուն մասին: Մասնաւորապէս ան նշած է, որ 2007 թուականին լոյս տեսած եւ աւելի քան 20 լեզուներով թարգմանուած «Արտոյտներու ագարակը» վէպն իրեն համար մեծ յաղթանակ էր:
Հանդիպման ընթացքին իտալահայ գրողը պատասխանած է նաեւ ներկաներու հարցերուն:
Նշենք, որ ԼՂՀ հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով ԱՀ նախագահի հրամանագիրով Անթոնիա Արսլան արժանացած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալի:
Աւելցնենք, որ իտալահայ յայտնի գրող Անթոնիա Արսլանի «Արտոյտներու ագարակը» գիրքը ամբողջ աշխարհի մէջ իրացուած է հսկայական տպաքանակներով: Միայն Իտալիոյ մէջ, ուր հայ համայնքն ընդամէնը 2000 մարդէ բաղկացած է, սպառած է գիրքի աւելի քան 300.000 օրինակ: «Արտոյտներու ագարակը» ցնցած է Տաւիանի եղբայրները, որոնք 2007-ին վէպի բնագիրին հիմամբ ֆիլմ նկարահանած են: