Հայ ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեանի պատրաստած ոսկեայ սկուտեղը ցուցադրուած է Պաքինկհամ պալատին մէջ:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են երկարամեայ կառավարման տարիներուն ամբողջ աշխարհէն թագուհի Եղիսաբէթ երկրորդի ստացած նուէրները , կը յայտնէ «Armenian Weekly»–ն:
Եթովպիոյ վեջին կայսր Հայլէ Սելասիէ առաջինը 1965-ին թագուհիին Եթովպիա այցելութեան ժամանակ անոր նուիրած էր այս սկուտեղը:
Ոսկերիչ Պետրոս Սեւաճեան եղած է Հայլէ Սելասիէ կայսրի պալատին մէջ ոսկերչական իրերու մատակարարը մինչեւ 1974-ը, երբ երկրին մէջ պետական յեղաշրջում տեղի ունեցաւ: