Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Արցախի Կառավարութիւնը Հրաժարական Ներկայացուցած է

    Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 169-րդ յօդուածին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին կողմէ իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով, Սեպտեմբեր 7-ին, կառավարութիւնը հրաժարական ներկայացուցած է երկրի ղեկավարին: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

      Նոյն օրը, Նախագահ Բակօ Սահակեանը ստորագրած է հրամանագիր՝ կառավարութեան հրաժարականը ընդունելու մասին:

   Ըստ հրամանագիրին, հանրապետութեան կառավարութեան անդամները պիտի շարունակեն իրենց պարտականութիւններու կատարումը, մինչեւ նոր կառավարութեան կազմաւորումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին