ԱՐԱՔՍ ԿԱՍԵԱՆ
Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ դրամի լուացման մասին հրապարակուած նոր հետազօտութիւնը՝ Հունգարիոյ հետ այդ երկրի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ՝ կ’ընդգրկէ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ:
2012-ին, երբ Հունգարիան Ազրպէյճանին արտայանձնած է հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանաբար սպանած ազրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը, աւելի քան 7 միլիոն տոլար փոխանցուած է հունգարական MKB դրամատան ազրպէյճանցի քաղաքական գործիչի որդիին անունով բացուած հաշիւին: Հակակաշառակերութեան «Átlátszó» կայքին մէջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ բացայայտուած նոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ Սաֆարովը արտայանձնելով` Հունգարիոյ կառավարութիւնը ո՛չ թէ ցանկացած է ամրապնդել քաղաքական ու տնտեսական կապերը Ազրպէյճանի հետ, այլ հետապնդած է այլ նպատակներ:
MKB դրամատան մէջ բացուած հաշիւը կապուած եղած է անդրցամաքային (offshore) ընկերութեան մը հետ, որ սերտ կապերու մէջ եղած է Ազրպէյճանի կառավարութեան հետ: Գումարը փոխանցուած է Հունգարիա Metastar Invest LLP ընկերութեան կողմէ՝ հունգարական դրամատնային այն հաշիւին, որ կապուած եղած է անդրցամաքային գործունէութիւն ծաւալող Velasco International ընկերութեան հետ:
Ուշագրաւ է, որ 7 միլիոն տոլարի փոխանցումը հունգարական MKB դրամատան՝ համընկած է Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու սերտացման հետ: 2014-ին, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան՝ Պուտափեշթի մէջ հանդիպեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, եւ կողմերը կնքեցին ռազմավարական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը: Յետագային եւս, երկու երկրի պաշտօնատար անձերու հանդիպումները շարունակուեցան ջերմ մթնոլորտի մէջ:
Հունգարիա կասկածելի գումարներ տեղափոխած Metastar Invest LLP-ն այն ընկերութիւնն է, որ ազրպէյճանական կողմէն ապօրինի գումարներ վճարած է ԵԽԽՎ (Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի) պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէին, որուն դէմ Իտալիոյ մէջ այժմ հետաքննութիւն կ’իրականացուի: Հետաքրքրական է, որ նոյն Լուքա Վոլոնթէն՝ ո՛չ միայն Ազրպէյճանի բարեկամն էր, այլ նաեւ Վիքթոր Օրպանի, որուն վարչակարգին դէմ քննադատութիւնները ԵԽԽՎ պատգամաւորը որակած էր ո՛չ ուրիշ բան, քան՝ «վհուկներու որս»:
Velasco International-ը, որուն կը պատկանէր հունգարական դրամատան մէջ բացուած հաշիւը, սերտ կապեր ունի Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ: Բրիտանական Վըրճինեան կղզիներուն մէջ արձանագրուած ընկերութիւնը կը պատկանի Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Եաքուպ Էյուպովի որդիին` Օրխան Էյիւպովին:
Átlátszó ընկերութեան ներկայացուցած բացայայտումներուն մէջ կ’երեւի, որ ազրպէյճանական ընկերութիւններու հետ գործարքներուն ներգրաւուած եղած են նաեւ Օրպանի կառավարութեան առընթեր հետախուզական ծառայութեան գործակալը, վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի ներկայացուցիչը եւ այդ երկրին մէջ կարեւոր պաշտօններ զբաղցնող այլ անձեր:
Մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնելու ժամանակահատուածին՝ Ազրպէյճանէն Հունգարիա կատարուած գումարային փոխանցումները կը բացայայտեն Օրպանի կառավարութեան կողմէ նման քայլի մը շարժառիթները: Հունգարիոյ քաղաքական ղեկավարութիւնը, անտեսելով բոլոր օրէնքները, 7 միլիոն տոլարի դիմաց պարզապէս վաճառած է ազրպէյճանցի մարդասպանը, որ Պաքու ժամանելէն անմիջապէս ետք հռչակուեցաւ ազգային հերոս ու ազատ արձակուեցաւ` ո՛չ մէկ վայրկեան պատիժ կրելով քնացած հայ սպան կացինահարելուն համար: