Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի, շարք մը հայկական ընկերութիւններու աջակցութեամբ եւ ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի խորհրդական, գիւղատնտես Արմէն Մեհրապեանի հրաւէրով Հայաստան ժամանած է Եւրոպայի 2000 թուականի լաւագոյն սոմէլյէ, Ֆրանսայի լաւագոյն գինեգործ Ֆրանք Թոմասը, որուն մասնակցութեամբ իրականացուած է հայկական գինիներու համտես եւ վարպետութեան դասընթաց:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը յայտնեն, թէ ան իր մշակած բացառիկ մեթոտով համտեսած է տեղական գինին` բարձր գնահատելով հայկական գինիներու իւրայատուկ համը եւ խաղողի որակը:
«Հայաստանը ինծի համար հետաքրքրական երկիր է, քանի որ անիկա գինիի ծննդավայրներէն մէկն է` հարուստ աւանդոյթներով եւ պատմութեամբ: Հայկական գինիները միջազգային շուկային մէջ կրնան ուրոյն տեղ զբաղցնել` շնորհիւ խաղողի տեղածին տեսակներէն պատրաստուող տեսակներու»,- նշած է սոմելյէն:
Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Զարուհի Մուրատեանը կարեւոր համարած է նմանատիպ ձեռնարկներու իրականացումը հայկական գինիներու ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու գործին մէջ. «Աշխարհահռչակ սոմելյէներու դրական գնահատականները այցեքարտ պիտի դառնան մեր գինիներուն համար` առաւել մրցունակ ըլլալու եւ նոր շուկաներ մուտք գործելու տեսանկիւնէն: Հիմնադրամը պատրաստակամ է աջակցելու այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած են հայկական գինիներու վարկանիշը բարձրացնելուն եւ նոր շուկաներ մուտք գործելու հնարաւորութիւններու բացայայտման»:
Արմէն Մեհրապեանի խօսքով` ներկայիս մարդիկ կը փորձեն վերադառնալ դէպի արմատները եւ վերականգնել հայկական կենցաղին մէջ առողջ սնուելու եւ գինի ըմպելու երբեմնի տարածուած աւանդոյթը: «Գինիի մշակոյթը նոյնպէս վերածնունդ կ’ապրի, որուն աջակցութեան ուղղուած է սոմելյէն հրաւիրելու մեր նախաձեռնութիւնը»,- աւելցուցած է ան:
Ձեռնարկի աւարտին Ֆրանք Թոմասը արտայայտած է իր տպաւորութիւնները Հայաստանի մէջ իրականացուած այցելութիւններու, բուսական թէյերու, գինիի հետ մատուցուող ռեհանի սերմերու հիման վրայ պատրաստուած աւանդական բանդակներու եւ գինեգործական ձեռնարկութիւններու արտադրանքին վերաբերեալ: Մասնակիցները նաեւ քննարկած են այդ արտադրանքը եւրոպական սպառողին հասցնելու հեռանկարները եւ յետագայ ընելիքները: