Եղիշէ Չարենցի եւ Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններու հիման վրայ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի ստեղծած մեղեդիները պիտի հնչեն Հոկտեմբեր 1-ին՝ Վանաձորի, Հոկտեմբեր 2-ին՝ Հառիճավանքի, եւ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակին՝ Արցախի մէջ, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն:
«Վաղուց եմ երազել այսպիսի համերգների մասին», Հայաստանի մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեանին իր ցանկութիւնը փոխանցած էր Տիգրան Մանսուրեան:
Հառիճավանքի համերգը իւրօրինակ պիտի ըլլայ: Վանքին մէջ, հաւանական 60 հանդիսատեսներէն բացի, շրջապատին մէջ 200-250 անձեր պիտի կարենան տեղադրուած մեծ պաստառներու վրայ հետեւել համերգին: