Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Ծալկայի Շրջանի Այազմա Հայկական Գիւղին Մէջ Նշուեցաւ Աշուղ Հաւասիի 121-ամեակը

Սեպտեմբեր 3-ին Ծալկայի շրջանի Այազմա հայկական գիւղին մէջ մեծ շուքով նշուած է Աշուղ Հաւասիի 121-ամեակը: Օրը նշանաւոր դարձած է մեծանուն աշուղի յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Անիկա կառուցուած է ծագումով Ղզլքիլիսայէն, այժմ Մոսկուա բնակող Էդգար Արամեանի բարերարութեամբ:

Արարողութեան ներկայ եղած են Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիյեանը, Ծալկայի հայկական համայնքներու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Թօփաշեանը, Արագովայի եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Թադէոս քահանայ Տէր-Մկրտչեանը, Ծալկայի տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչները` Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Գախաբէր Օքրիաշվիլիի գլխաւորութեամբ, Վրաստանի խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ Հենզել Մկոյեանն ու Սամուէլ Մանուկեանը, ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Շիրակ Թորոսեանը:

Բացման արարողութենէն ետք, Հոգեշնորհ Տէր Բաբգէն վարդապետ Սալբիեանի գլխաւորութեամբ, կատարուած է հոգեհանգստեան կարգ: Այնուհետեւ տեղի ունեցած է դաշտահանդէս:

ՍամցխէՋաւախքի եւ Ծալկայի

ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան մամլոյ դիւան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին