Սեպտեմբեր 8-ին, Թուրքիոյ մէջ պիտի ցուցադրուի «Կիսատ մնացած» ֆիլմը, որ կը պատմէ թուրք երիտասարդի եւ հայուհիի սիրոյ մասին: Ըստ «Ermenihaber.am»-ի՝ թրքական «Yenisafak» լրատուական կայքը յայտնած է, որ ֆիլմը կ’անդրադառնայ նաեւ «1915-ի հայկական դէպքերուն»։
Գլխաւոր դերերով հանդէս եկած են Իսկուհի Պալճեանը, Անըլ Ալթանը եւ Ալի Պուհարա Մեթէն: Նկարահանուած են նաեւ Նիհան Թարհանը, Մինէ Թիւֆեքչիօղլուն, Մելտա Արատը, Ատնան Էրտողանը եւ Իպրահիմ Կիւնտողանը: Ֆիլմի բեմադրիչն է Էմրէ Եըլմազը:
Ըստ ֆիլմ սենարին` Իսկուհին Հայաստանէն կը մեկնի Սթամպուլ` ուսանելու տեղի համալսարանին մէջ, ուր կը ծանօթանայ Մերթի հետ: Երիտասարդները կը սիրահարին, սակայն, Հայաստանէն Սթամպուլ մեկնած Իսկուհիի եղբայրը` Արամը, եւ Մերթի ընտանիքը դէմ կ’ըլլան անոնց յարաբերութիւններուն: Երիտասարդները ստիպուած կ’ըլլան պայքարելու՝ բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելու համար