«Արցախի ձայներ» երաժշտական խումբը Արցախի անկախութեան հռչակման 26-րդ տարեդարձին նուիրուած «Ես եմ» վերնագիրով նոր տեսահոլովակ նկարահանած է:
«Արցախփրես»-ի հաղորդմամբ՝ «Արցախի ձայներ» երաժշտական խումբի արտադրող Լիրա Քոչարեան ըսած է, որ տեսահոլովակը նկարահանուած է «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի աջակցութեամբ:
««Արցախի ձայներ» երաժշտական խումբը ունի շատ երգեր, որոնք դեռ տեսահոլովակներու չեն վերածուած: Եւ քանի որ մեր աշխատանքը խմբային է եւ գաղափարները` շատ, կը փորձէինք ընտրել լաւագոյն կատարումը. Առ այդ ընտրեցինք «Ես եմ» երգը: Տեսահոլովակի նկարահանումները տեղի ունեցած են Երեւանի մէջ եւ տեւած են 2 օր»,-տեղեկացուցած է Լ. Քոչարեան:
Ան աւելցուցած է, որ խումբը յառաջիկային եւս մէկ նոր տեսահոլովակ պիտի ներկայացնէ. անոր նկարահանման աշխատանքները արդեն աւարտած են:
Լ. Քոչարեանը խօսած է նաեւ իրենց յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
«Այժմ մեր խումբը կը գտնուի Սոչի, ուր պէտք է կայանայ «Նոր ալիք» երաժշտական միջազգային մրցոյթը. Հայաստանէն 2 պատուիրակներ պիտի մասնակցին, որոնցմէ մէկը մեր համոյթի անդամ Էռնան է: Այս մրցոյթէն ետք պիտի պատրաստուինք «Մանկական եւրոտեսիլ 2017»-ին»,- նշած է ան: