Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Աշխարհն Առանց Ցեղասպանութեան» Կազմակերպութիւնը Մրցանակ Շնորհած է Թուրք Պատմաբանին

ԱՄՆ-ի Քլարքի համալսարանի պատմութեան փրոֆէսըր, վտարանդի թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամին՝ «Աշխարհն առանց ցեղասպանութեան» կազմակերպութեան կողմէ՝ մրցանակ շնորհուած է:

Պոլսահայ «Ակօս» թերթին համաձայն, կազմակերպութեան նպատակներէն է «Պաշտպանել անմեղ մարդոց, կանխել այլատեացութեան եւ նախապաշարմունքի հիման վրայ իրականացուող ցեղասպանութիւնը, աշխատանքներ տանիլ, որպէսզի յանցանք գործած մարդիկ պատասխանատւութեան ենթարկուին դատական կարգով, ինչպէս նաեւ յիշատակել անոնց, որոնց կեանքն ու մշակոյթը ոչնչացուած է»:

Կազմակերպութեան ղեկավար Էլլեն Քէնետի՝ Աքչամին շնորհուած մրցանակին առիթով՝ յղած է նամակ, ուր մասնաւորապէս նշուած է. «Մենք երկար ժամանակ է, որ կը հիանանք Ձեր խիզախ աշխատանքով, որուն նպատակն է փաստել Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործած վայրագութիւնները: Հակառատկ թուրք ծայրայեղականներուն կողմէ եղած մահուան սպառնալիքներուն` Դուք ցեղասպանութեան վերաբերեալ ձեր խօսքին մէջ ցուցաբերած էք հետեւողական յամառութիւն»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին