Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Հայ Աւետարանական Գոլէճի Երկու Աշակերտներ Մեծագումար Կրթաթոշակներու Մրցանակակիր

Հայ Աւետարանական Գոլէճի 2016-2017 տարեշրջանի շրջանաւարտ Լոռի Եունիսէս շահած է Ուաշինկթըն Տի. Սի.-ի Ամերիկեան Համալսարանի «Նոր ձեւաւորուող համաշխարհային առաջնորդ» (Emerging Global Leader) կրթանպաստը, հանդիսանալով 1225 թեկնածուներէն միակը: Լոռի կը ծրագրէ մասնագիտանալ միջազգային յարաբերութիւններու ճիւղին մէջ, առաւելաբար կեդրոնանալով միջազգային եւ մարդկային իրաւանց օրէնքներու վրայ: Ան կը նշէ, որ իբրեւ միջազգային օրէնքի մասնագէտ, կ’ուզէ աջակցիլ հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն, իսկ Լիբանանի մէջ հաստատել կրթանպաստի հիմնարկ մը բոլոր այն մանուկներուն համար, որոնք փողոցները կը մուրան, հաւատալով որ ուսեալ սերունդը Լիբանանի յառաջդիմութեան համար կարեւոր ազդակ մըն է:  

Լոռի Եունիսէս AMIDEAST-ի հոգաբարձութեան անդամներ Հերի Նաճարեանի եւ Հապիպ Տըպսի հետ

***

2016-2017 տարեշրջանի ՀԱԳ-ի 10-րդ դասարանի ընթացաւարտ Պօղոս Պօղոսեան, անցնող տարուան ընթացքին մասնակցեցաւ Աշխարհի Միացեալ Գոլէճներու (United World Colleges) մրցանքին եւ շահեցաւ ամբողջական կրթանպաստ, որ առիթ տուաւ իրեն երկրորդական ուսումը շարունակելու UWC-ի Դիլիջանի Միջազգային Գոլէճին մէջ: Պօղոսին շահած երկամեայ կրթանպաստը, որուն նուիրատուն է տիկին Թալին Տէմիրճեան-Պաշեան, յատկացուած էր բացառապէս լիբանանահայ ուսանողներու: Պօղոս կը յուսայ, որ Դիլիջանի ՄԳ-ին մէջ ուսումնառութիւնը իրեն պիտի տայ առիթը ստանալու բազմակողմանի կրթութիւն եւ ծանօթանալու զանազան մտայնութիւններու: Ինք կը հաւատայ որ այդպիսով կրնայ հասնիլ իր երազի իրականացումին՝ մասնագիտանալ քաղաքական գիտութիւններու մէջ, այն վեհ նպատակով, որ քաղաքական կեանքէն բացակայ մարդկայնութիւնը կրնայ վերագտնել իր տեղը երկիրներու քաղաքական յարաբերութեանց մէջ:

Պօղոս Պօղոսեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին